Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ատրպէյճանի Ղեկավարներու Եռակողմ Յայտարարութիւններուն Այլընտրանք Չկայ. Լաւրով

Հայաստանի, Ռուսիոյ Եւ Ատրպէյճանի Ղեկավարներու Եռակողմ Յայտարարութիւններուն Այլընտրանք Չկայ. Լաւրով

by MassisPost

Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի կարգաւորման համար Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւններուն այլընտրանք չկայ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով` Մոսկուայի մէջ բանալով եռակողմ հանդիպումը հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներուն հետ:

Անոր խօսքով` վերջին անգամ այս ձեւաչափով հանդիպած են շատ վաղուց, այս ընթացքին շատ թեմաներ հասունացած են, եւ Լաւրով յոյս ունի, որ հանդիպումը կ’անցնի կառուցողական մթնոլորտի մէջ, իսկ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի ուղիղ երկխօսութիւնը թոյլ կու տայ հասնիլ յաւելեալ արդիւնքներու:

Եռակողմ ձեւաչափով Լաւրով առաջարկած է դիտարկել հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու ամբողջ համալիրը եւ հետագայ քայլերու համաձայնեցումը` հաշուի առնելով Ռուսիոյ հնարաւորութիւնները:

«Մեր առաջնորդներու եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ կը պարունակուի, ըստ էութեան, ճանապարհային քարտէզ` հասնելու համար կայուն լուծումներու: Մենք վերլուծած ենք իրավիճակը Հարաւային Կովկասի շուրջ, կը կարծենք, թէ մեր առաջնորդներու պայմանաւորուածութիւններուն այլընտրանք չկայ: Ռուսիան կը փափաքի խաղաղութիւն եւ կայունութիւն տարածաշրջանին մէջ: Ռուսիա ամէն կերպ պիտի հասնի անոր, որ իրավիճակի կայունացման վերաբերեալ որոշումները կատարուին` ակնկալելով, որ զանոնք կը յարգեն բոլոր միւս երկիրները, որոնք այս կամ այն կերպ շահագրգռուած են այս տարածաշրջանին մէջ ներկայութեամբ», յաւելած է ան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment