Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հրաւիրած հերթական հանդիպումը՝ Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի մասնակցութեամբ: Միշելի նախաձեռնած նախորդ նման հանդիպումին կը մասնակցէր նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը: Այդ հանդիպումի ընթացքին էր որ, առաջին անգամ ըլլալով հրապարակ եկաւ Հայաստանի սահմանները Եւրոպացի դիտորդներ ուղարկելու գաղափարը, որուն չընդդիմացաւ Իլհամ Ալիեւը, պայմանաւ որ, այդ առաքելութիւնը ըլլայ կարճաժամկէտ: Ինչպէս գիտենք, Եւրոպացի դիտորդները երկու ամիս մնալէ ետք մեկնեցան Հայաստանէն, սակայն կարճ ժամանակ ետք, անոնք վերադարձան աւելի մեծ թիւով ու երկարաժամկէտ, առանց նկատի առնելու Ատրպէյճանի բարձրացուցած բողոքները:
Շարլ Շիշել փորձ կատարեց նման քառակողմ հանդիպում մը եւս կազմակերպել, սակայն այդ գաղափարը արժանացաւ Պաքուի մերժումին՝ Ֆրանսան մեղադրելով Հայաստանի ի նպաստ կողմնակալութեան մէջ: Հայաստան պնդեց Ֆրանսայի ներկայութեան վրայ ու այդպիսով Պրիւքսէլեան հանդիպումները ժամանակ մը առկախուեցան:
Մայիսի 14-ին կայացած այս վերջին հանդիպումը վերադարձ էր եռակողմ ձեւաչափին: Հայաստան այս զիջումին գնաց՝ ստանալով հաւաստիացում, որ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 1-ին, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներուն մասնակցութեամբ՝ Մոլտավիոյ մայրաքաղաք Քիշնիեւի մէջ կայանալիք Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի գագաթի ժողովին առընթեր:
Հայաստանի համար խիստ կարեւոր է Եւրոպական այլ երկիրներու մասնակցութիւնը նման հանդիպումներու, որպէսզի Ատրպէյճան չկարողանայ իր ցանկացած ձեւով ներկայացնել բանակցութիւններու բովանդակութիւնը ու տարբեր պատրուակներով հրաժարի գործադրել գոյացած համաձայնութիւնները:
Պրիւսէլեան հանդիպումէն մի քանի օր առաջ սահմանային Սոթքի շրջանին մէջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ռազմական գործողութիւններ նախաձեռնելով փորձ կատարեցին գետնի վրայ յաջողութիւններ արձանագրելով Հայաստանին պարտադրել նոր պայմանները: Այս անգամ Բախելով Հայկական բանակի ուժգին հակահարուածին Պաքուի այս փորձը մատնուեցաւ ձախողութեան:
Վերադառնալով Պրիւքսէլեան հանդիպումին կարելի է ըսել որ, յառաջընթացի մասին խօսիլը կանուխ է: Ստորագրուած փաստաթուղթի բացակայութեան, արդիւնքներու մասին տեղկութիւններ փոխանցեց Միշել ինքը, յայտարարելով որ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները հաւատարմութիւն յայտնած են Ալմա-Աթայի 1991 թուականի հռչակագրին եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան: Այս անգամ Շարլ Միշել յստակ նշեց երկու երկիրներուն տարածքը՝ Հայաստանի 29 հազար 800 եւ Ատրպէյճանի 86 հազար 600 քառակուսի քիլոմեթրը: Միշել յայտնեց որ, անդրադարձ եղած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու ապահովման մասին: «Ես բարձրաձայնած եմ նաեւ Պաքուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան միջեւ թափանցիկ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան մասին», ըսաւ Եւրոպայի Խորհուրդի նախագահը աւելցնելով որ, շաբաթներու ընթացքին պէտք է ազատ արձակուին բոլոր ռազմագերիները:
Այսպիսով, Պրիւքսէլեան հանդիպումի առաջին քննութիւնը պայմանաւորուած է ռազմագերիներու ազատ արձակմամբ, որ պէտք է իրականացուի կարճ ժամանակուայ ընթացքին: Այս անգամ եւս հաւանականութիւնը մեծ է որ, Ատրպէյճան չկատարէ կամ մասամբ կատարէ զայն, ազատ արձակելով փոքր թիւով հայ պատանդներ այդպիսով իսկ ձախողութեան մատնելով բանակցային այս վերջին գործընթացը եւս: Իսկ քիչեր կը հաւատան որ Ատրպէյճան դուրս կու գայ Հայաստանի 29 հազար 800 քիլոմեթր տարածքէն առանց ռազմական միջոցներու պարտադրանքին, որոնց նախանշանները յուսադրող են:
Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»