Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ատրպէյճանը 2 Անձ Ձերբակալած Է Հայաստանի Յատուկ Ծառայութիւններու Համար Աշխատելու Մեղադրանքով

Ատրպէյճանը 2 Անձ Ձերբակալած Է Հայաստանի Յատուկ Ծառայութիւններու Համար Աշխատելու Մեղադրանքով

by MassisPost

Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարած է երկրի երկու քաղաքացիներու ձերբակալութեան մասին, որոնք կը մեղադրուին Հայաստանի յատուկ ծառայութիւններու համար աշխատելու մէջ:

«Ձեռնարկուած միջոցառումներուն բերումով կալանաւորուած եւ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկուած է 1980 թուականի ծնունդ Ռաշատ Ահմետովը, որ կը կասկածուի պետական դաւաճանութեան եւ մեր երկրին դէմ ահաբեկչական սադրանք իրականացնելու մէջ: Ահմետով ապրած է երրորդ երկրի տարածքի մէջ եւ կատարած է հայկական յատուկ ծառայութիւններու առաջադրանքները», կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ հաղորդագրութեան, Հայաստանի յատուկ ծառայութիւններու առաջադրանքները կատարելու համար Ահմետովը ներգրաւածէ 1991 թուականի ծնունդ Ռովշան Ամիրովը եւ շարք մը այլ անձեր, որոնք տեսանիւթեր պատրաստած են Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ կոչով, զանոնք տարածած են Youtube-ով:

«Հետաքննութեան ընթացքին պարզուած է, որ Ահմետովը հայկական յատուկ ծառայութիւններու յանձնարարութեամբ նաեւ այլ սադրիչ գործողութիւններ իրականացուցած է Ատրպէյճանի դէմ»,  կը յայտարարէ Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը:

Գերատեսչութիւնը կը նշէ, որ Ահմետովի եւ Ամիրովի նկատմամբ խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը: Ահմետովը կը մեղադրուի դաւաճանութեան, ահաբեկչութիւն նախապատրաստելու, օտարերկրեայ կազմակերպութիւններու հրահանգով պետութեան դէմ կոչ ընելու, Ամիրովը` դաւաճանութեան եւ օտարերկրեայ կազմակերպութիւններու ցուցումով պետութեան դէմ կոչ ընելու մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment