Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դժուար Է Յիշել Որեւէ Համատեղ Փաստաթուղթ, Որ Ատրպէյճանը Այս Ընթացքին Չէ Խախտած․ Փաշինեան

Դժուար Է Յիշել Որեւէ Համատեղ Փաստաթուղթ, Որ Ատրպէյճանը Այս Ընթացքին Չէ Խախտած․ Փաշինեան

by MassisPost

Ատրպէյճանը Սոթքի ուղղութեամբ իր վերջին գործողութիւններով կասկածի տակ կը դնէ այս ընթացքին ձեռք բերուած հիմնարար պայմանաւորուածութիւնները, որոնք արձանագրուած են 2022թ. Հոկտեմբեր 6-ին Փրակի մէջ եւ նոյն թուականի Հոկտեմբեր 31-ին Սոչիի մէջ: Կառավարութեան նիստի ժամանակ այս մասին յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Այս փաստաթղթերում ընդգծւում է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ճանաչում են միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը 1991 թուականի Ալմաթայի հռչակագրի հիման վրայ:

Հարցը, որը ծագում է այս ծիրին մէջ հետեւեալն է․ եթէ Ատրպէյճանը ճանաչում է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը` ինչո՞ւ է կրակում մեր երկրի ինքնիշխան տարածքի վրայ, մանաւանդ, որ 2022 թուականի Սոչիի եռակողմ յայտարարութեան համաձայն` կողմերը պէտք է զերծ մնան ուժի եւ ուժի սպառանալիքի կիրառումից: Ատրպէյճանը այսօր նոյնպէս կոպտօրէն խախտել է այս գրաւոր հրապարակային պայմանաւորուածութիւնները եւ ընդհանրապէս դժուար է յիշել մի համատեղ փաստաթուղթ, որ Ատրպէյճանն այս ընթացքում չի խախտել», ըսաւ Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment