Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Իսկապէս Հասանելի Է. Պլինքըն` Արլինկթընեան Բանակցութիւններուն Մասին

Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Իսկապէս Հասանելի Է. Պլինքըն` Արլինկթընեան Բանակցութիւններուն Մասին

by MassisPost

Երկկողմ եւ եռակողմ քննարկումներու կառուցողական շարքէն յետոյ կողմերը զգալի յառաջընթաց արձանագրած են բարդ խնդիրներու լուծման գործին մէջ, յայտնած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն` ամփոփելով Արլինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու քառօրեայ բանակցութիւնները:

«Երկուքն ալ անկեղծ յանձնառութիւն դրսեւորեցին յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ երկու երկիրներու միջեւ երկարատեւ հակամարտութիւնը դադրեցնելու հարցով», ըսած է Պլինքըն:

«Ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ատրպէյճանը սկզբունքօրէն համաձայնած են որոշակի պայմաններու եւ աւելի լաւ կը պատկերացնեն միմեանց դիրքորոշումները չլուծուած մնացող հարցերուն վերաբերեալ: Ես առաջարկած եմ նախարարներուն վերադառնալ իրենց մայրաքաղաքներ` իրենց կառավարութիւններուն հետ կիսելու այն հեռանկարը, որ յաւելեալ բարի կամքի, ճկունութեան եւ փոխզիջումներու պարագային համաձայնութիւնը հասանելի է», ընդգծած է ԱՄՆ պետական քարտուղարը:

«Անոնք պիտի շարունակեն ունենալ Միացեալ Նահանգներու լիակատար աջակցութիւնն ու ներգրաւուածութիւնը տեւական եւ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու իրենց ջանքերուն մէջ», վստահեցուցած է Էնթընի Պլինքըն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը նաեւ ելոյթ ունեցած է Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ եռակողմ հանդիպման յաջորդած փակման լիագումար նիստին` յայտարարելով, որ Ուաշինկթընի արուարձանին մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն «երկու կողմերը ի շարք շատ բարդ հարցեր եւ շօշափելի յառաջընթաց արձանագրած են կայուն խաղաղութեան համաձայնագրի ուղղութեամբ»:

«Կը կարծեմ, որ բանակցութիւններուն կշռոյթը եւ մեր գործընկերներուն կառուցած հիմքը ցոյց կու տան, որ [խաղաղութեան] համաձայնագիրը իսկապէս հասանելի է մեզի: Որեւէ մարաթոնի վերջին մղոնը միշտ ամենադժուարինն է: Մենք այդ գիտենք: Սակայն Միացեալ Նահանգները այստեղ է` շարունակելու օգնել մեր երկու բարեկամներուն հատել վերջնագիծը: Ես կը կարծեմ, որ մենք շատ մօտ ենք անոր», նշած է Պլինքըն:

Պետական քարտուղարին կարծիքով` «թէ՛ Ատրպէյճանը եւ թէ՛ Հայաստանը կ’ընդունին, որ տեւական եւ կայուն խաղաղութեան միակ ճանապարհը երկխօսութիւնն է»:

Պլինքընի համոզմամբ` խաղաղութեան համաձայնութեան ձեռքբերումը «ոչ միայն պատմական իրադարձութիւն պիտի ըլլայ, այլ նաեւ պիտի համապատասխանէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներու շահերուն եւ շատ դրական հետեւանքներ պիտի ունենայ նոյնիսկ երկու երկիրներու սահմաններէն դուրս»:

Մայիս 1-4-ը Արլինկթընի մէջ կայացուած բանակցութիւններէն յետոյ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու նախարարութիւնները միասնական յայտարարութեամբ հանդէս եկան, համաձայն որուն` կողմերը «ունեցած են փոխըմբռնման յառաջընթաց», բայց «շարք մը առանցքային հարցերու շուրջ դիրքորոշումները կը մնան տարամէտ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment