Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչում Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-Ամեակի Ոգեկոչում Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ

by MassisPost

Կիրակի, 23 Ապրիլ 2023-ի Ս. Պատարագէն ետք, նախագահութեամբ Արհիապատիւ Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի, կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ Գալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակի ոգեկոչում:

Բացման խօսքով, Հայ Քոյրերու Վարժարանի փոխտնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան ողջունեց ներկաները, որոնք հաւաքուած էին յիշատակելու հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն դաժան ժամանակաշրջանը խորհրդանշող թուականը: Ան իր խօսքին մէջ յիշեցուց, որ  108 տարի անցած է հայուն դէմ գործուած ցեղասպանութենէն եւ տակաւին ցեղասպանը անպատիժ, իսկ զոհը անհատոյց կը մնան: Տիկ. Պոյաճեան նշեց, որ «108 տարուան ընթացքին մեր նահատակները սրբադասուեցան, մեր անժամանցելի դատը բազմաթիւ երկիրներու մէջ ճանաչում ստացաւ, ցեղասպանը դատապարտեցին իր արարքին համար, այսուհանդերձ, մեր կորուստներուն համար որեւէ հատուցում չստացանք: Եւ հատուցումը պէտք է գայ ցեղասպանէն. Թուրքիան է որ պէտք է ճանչնայ իր գործած անմարդկային արարքը, ներողութիւն խնդրէ հայ ժողովուրդէն եւ արեան ու հողային հատուցում կատարէ»: Ան նաեւ ընդգծեց, որ «108 տարուան ընթացքին փաստեցինք, որ պահանջատիրութիւնը սկզբունք է, պայքարը ոգի է, ու թերեւս դեռ երկար տարիներ պիտի պայքարինք ու պահանջենք, բայց այնքան ատեն որ մենք հայօրէն կ’ապրինք ու կ’արարենք աշխարհի վրայ, հայերէն կը խօսինք ու կը գրենք, հայերէն կ’երգենք ու կ’աղօթենք, այնքան ատեն որ կը դաստիարակենք հայրենասէր եւ հայրենատէր հայ սերունդներ, մեր հայրենիքին կողքին կը կանգնինք իր լաւ ու մանաւա՛նդ վատ օրերուն, այնքան ատեն որ միասնական ենք ու չենք զլանար մեր արդար իրաւունքներու պահանջէն, ապա Հայ դատը երբեք պիտի չմեռնի ու արդարութիւնը օր մը ԱՆՊԱՅՄԱՆՕՐԷՆ պիտի յաղթանակէ»:

Գեղարուեստական բաժնով հանդէս եկաւ Հայ Քոյրերու Վարժարանին պարախումբը՝ «Ատանա» պարով, պարուսոյց՝ Լուիզա Խաչատրեան:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երիտասարդութեան խօսքը հայերէնով փոխանցեց Էնթընի Արոյեան:  Ան նշեց, որ 108 տարի առաջ երիտթուրքերուն սկսած գործը տակաւին կը շարունակուի. Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրրքիան կը շարունակէ իր նախնիներուն գործը, ձեռք-ձեռքի բռնած Ատրպէյճանին հետ, Արցախի մէջ եւ Սիւնիքի լեռներուն վրայ: Արոյեան ըսաւ, որ հայրենիքէն հարիւրաւոր մղոններ հեռու, մեր պայքարը կը շարունակենք սպիտակ ջարդին դէմ, որ կը դրսեւորուի հայերէն չխօսելով, հայերէն երգերն ու պարերը մոռնալով: Ան ընդգծեց, որ նոյնիսկ ամէնէն ազգասէր ու ինքնավստահ մարդիկ կրնան ձուլուիլ եթէ իրենց արմատները մոռնան, որոնք պահելը պարտականութիւն համարեց: Չձուլուելու եւ մեր ինքնութիւնը պահելու համար, Արոյեան հրամայական համարեց ընտանիք-դպրոց-եկեղեցի երրորդութեան դերը եւ այս երեքին ճամբով հայ սերունդներ պատրաստելը, հայկական աւանդութիւնները պահելը:

Ապա, Հայ Քոյրերու Վարժարանին երգչախումբը կատարեց «Հանգչեցէք», «Կիլիկիա» եւ «Հայաստանի բալիկն ենք» երգերը, դաշնամուրի նուագակցութեամբ Տիկ. Կարինէ Տէր Գէորգեանի:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երիտասարդութեան խօսքը անգլերէնով ներկայացուց Նինա Մենծյակոբեան, լուսարձակի տակ առնելով այն իրողութիւնը, որ ժամանակին թերթերու մէջ հարիւրաւոր յօդուածներ գրուած են Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող, մինչ այսօր արուեստը կ’օգտագործենք բացայայտելու եւ հասկնալու Ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ արուեստն է որ կը պահէ պատմութիւնը, եւ այդ պատճառով ալ ցեղասպանը ոչնչացուցած է հայկական արուեստի պատմական կոթողները: Մենծյակոբեան նշեց, որ հայկական արուեստը օգտագործելով Հայոց ցեղասպանութիւնը կրնայ թափանցել հանրային գիտակցութիւն: Ան սալիկներով ցուցադրեց արուեստի կտորներ, որոնք կը խորհրդանշեն Ցեղասպանութիւնը, հայերու թափած անմեղ արիւնը, հայ ազգին վերածնունդը եւ մոխրիներէն յառնելու կամքը: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ հայկական մշակոյթը, երաժշտութիւնը եւ արուեստը հայոց պատմութիւնը կը ներկայացնեն տարբեր տեսանկիւնէ, պատմութիւն մը որ պէտք է յիշուի: Երիտասարդուհին իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն, 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին եւ նոյնիսկ այսօր լրատուութիւնը չկրցաւ ճշգրիտ դեր խաղալ հայերուն հետ, բայց յոյս յայտնեց, որ արուեստը պիտի օգնէ լոյս սփռելու իրողութիւններուն վրայ:

Հայ Քոյրերու Վարժարանին պարախումբը բեմ բարձրացաւ ու ներկայացուց երկրորդ պար մը՝ «Հայաստան»:

Աւարտին, արհիապատիւ Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրը պատրաստողներուն, որոնք միաժամանակ ապրեցուցին մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը, նաեւ ներկայիս Արցախի ժողովուրդին ապրած ճգնաժամային պայմանները: Գերապայծառը նշեց, որ հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին եղած է ազատատենչ ժողովուրդ եւ իր ազատութեան ոգիով ապրած է, ստեղծագործած է ու դաստիարակած է սերունդներ, եւ այդ ազատութեան համար է որ Արցախի մեր հայրենակիցները կը պայքարին: Ան ընդգծեց մեր զօրաւոր զէնքը, որ մեր հաւատքն է այն Աստուծոյ, որ մեզի պարգեւած է ազատութիւնը: «Մենք այս մանուկներուն երգերով ու պարերով կը փաստենք, որ մեռնող-կորսուող ժողովուրդ չենք, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու ցաւերուն կանք եւ այս ժառանգութիւնը կը փոխանցենք սերունդներուն», եզրափակեց Մուրատեան:

Այնուհետեւ, հոգեւոր դասին ընկերակցութեամբ, ներկաները երկեղեցւոյ շրջափակին մէջ մասնակցեցան մատաղի օրհնութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment