Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայց. Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեանի Ս. Զատկուան Պատգամը

Հայց. Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տ. Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեանի Ս. Զատկուան Պատգամը

by MassisPost

Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛քվասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ… Հաստատունկացէք հաւատքին մէջգիտնալով որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյնչարչարանքները կը կրեն։ Եւ բոլոր շնորհներու Աստուածըոր մեզ իր յաւիտենականփառքին կանչեց Քրիստոս Յիսուսին միջոցովքիչ մը ատեն նեղութիւն կրելէ ետքըինք ձեզթող կատարեալ ընէ՛հաստատէ՛զօրացնէ՛ ու հիմնէ՛։ Իրեն փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանսյաւիտենից։ (Ա ՊԵՏՐՈՍ 5:7-11)

Այս խօսքերով, Պետրոս առաքեալ կրկին վստահեցուց Փոքր Ասիոյ իր Քրիստոնեայ եղբայրներնու քոյրերը, երբ անոնք տագնապալից շրջանի մը մէջ կ՛ապրէին։ Այդ օրերուն, Եկեղեցին տակաւիննոր էր եւ վաղ շրջանի Քրիստոնեաները շատ բան ունէին կորսնցնելու ու պատմականփորձառութիւնը չունէին հանդարտեցնելու հոգիները։ Անոր համար Պետրոս գրեց զօրացնելուանոնց սրտերը այն իմաստութեամբ, որ ի՛նք ձեռք բերած էր ծառայելով Քրիստոսի կողքին

Ձեր ցաւը կորուստի իրական է, ըսաւ անոնց, բայց առանձին չէք ձեր տանջանքին մէջ։ Աստուածմի՛շտ կը հոգատարէ ձեզ եւ երբ ժամանակը գայ, Ան կը վերականգնէ ձեզ։

Ի՞նչն էր որ Պետրոսի այնքան ինքնավստահ ըրաւ, որ Աստուած պիտի փրկէ իր ժողովուրդը, ինչդժուարութիւններու մէջ ալ որ անոնք ըլլան։ Պատասխանը այս է. ան ականատես եղած էր ՅիսուսՔրիստոսի Յարութեան առաջին Զատկի Կիրակիին։ Ան գիտէր, որ աշխարհը երբե՛ք նոյնը պիտիչըլլար։

Պահ մը մտածեցէք թէ ի՞նչ կը նշանակէ մեռած մարդու մը կրկին կեանքի գալը։ Տիեզերքիհիմնական օրէնքին հակառակ եղող բան մըն է ուր ամէն ինչ կը կործանուի, բոլոր ապրողէակները դէպի մահ կ՛երթան։ Պետրոս գիտէր, որ Քրիստոս եւս մահացած էր – ցաւալի եւսարսափելի մահ մը։ Բայց երեք օրեր յետոյ, ան տեսած էր Քրիստոսի կեանքի կոչուիլը։ Աւելի՛ն, ան լսեց խոստումը Քրիստոսի շրթներէն, որ Աստուած պիտի փրկէ իւրաքանչիւր անձ, որ իրհաւատքը կը դնէ Քրիստոսի Յարութեան վրայ։

Պետրոս գիտէր, որ Քրիստոս յաղթեց մահուան փրկելու համար մարդ արարածը եւ ընելու այնինչի համար, որ անոնք ստեղծուած էին, մեզ կրկին նոր անձեր դարձնելու։

Յիսուս Քրիստոսով, Աստուած իր վրան առաւ տկար ու մեղաւոր մարդկային վիճակը – եւվերականգնեց անոր որ ստեղծուած էր ըլլալու – կրկին նոր։ Ան կերակրեց անօթիները, բժշկեցհիւանդները, մխիթարեց սգաւորները։ Շփոթածներուն, ան ցոյց տուաւ ճիշդ ու Աստուածահաճոյապրելակերպը։ Մեղաւորներուն, ան թողութիւն շնորհեց։ Եւ վերջապէս մեռեալներուն – ըլլայմարմնապէս թէ հոգեպէս – կեանք տուաւ։

Բայց այս բոլոր օրհնութիւնները մեծ գինով մը եկան։ Քրիստոս պայքարեցաւ, դիմացաւ մեծտանջանքներու մեզ համար։ Իր վերջին մենամարտը տեղի ունեցաւ խաչին վրայ – եւ պահ մըայնպէս թուաց թէ մա՛հն էր որ յաղթեց։ Բայց Զատկի Կիրակիի առաւօտեան «Քրիստոս Յարութիւնառաւ մեռելներէն» եւ իր յաղթանակով, մենք փրկուեցանք։

Սիրելիներ, կ՛ապրինք փորձութիւններով լի ժամանակաշրջանի մը մէջ։ Աշխարհը յոգնած էտարիներու հիւանդութենէ եւ առանձնացումէ։ Մեր թանկագին Հայաստանն ու Արցախըվտանգաւոր պատերազմի հետեւանքներն են որ կը քաշեն։ Այս հզոր երկիրը ուր մենք կ՛ապրինք, մխրճուած է խորունկ բարոյական շփոթութեան, կասկածի ու մտահոգութեանց պատուհասի մէջ։Մենք կը ցանկանք վերահաստատուելու անոր, որուն համար ստեղծուած էինք – կրկրին նորանձեր դառնալու։

Բայց միայն մէ՛կ ուժ մը կայ, որ զօրաւոր է այս յոյսը իրականացնելու – Աստուծոյ ուժը ՅիսուսՔրիստոսի մէջ։ Իր Յարութիւնը նշան մըն է, որ Աստուած մեզ կը սիրէ, հոգ կ՛ընէ մեզ համար։Խոստումն է, որ նոյնիսկ երբ մենք փորձութիւններու եւ տանջանքներու դիմանանք, Աստուած մեզմոռցած չէ եւ ժամանակի ընթացքին Ան պիտի վերականգնէ մեզ։

Ա՛յդ էր նշանակութիւնը առաջին Զատկուան Կիրակիին։ Այս իրականութիւնն է, որուն հետ մենքպէտք է ողջագուրուինք մեր սիրտերով։ Եւ այս ճշմարտութիւնն է, որ մենք պէտք է հռչակենքաշխարհին, համոզմունքով եւ սիրով, գեղեցիկ բառերովը Հայ Եկեղեցւոյ.

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց։ Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։

Աղօթարար՝

Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան
Առաջնորդ

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment