Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրամփ Դատարանի Առջեւ

Թրամփ Դատարանի Առջեւ

by MassisPost

Ապրիլ 4-ին, տեղի ունեցաւ աննախընթաց իրադարձութիւն: Ամերիկայի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով նախկին նախագահ մը կանգնեցաւ դատարանի առջեւ լսելու համար իր դէմ առաջադրուած 34 մեղադրանքները, որոնք Նիւ Եորքի Մենհաթընի շրջանի դատախազին կողմէ ներկայացուած էին Թրամփին դէմ ու հաստատուած երդուրեալներու մեծ խումբին կողմէ:

Դատախազութիւն ժամանելէ անմիջապէս ետք նախկին նախագահը ձերբակալուեցաւ, եւ մատնահետքերը առնուեցան: Նկատի առնելով Թրամփի հանգամանքը` ան չլուսանկարուեցաւ, ձեռնաշղթաներ չանցուեցան անոր ձեռքերուն եւ ոչ ալ ան դրուեցաւ ժամանակաւոր պահպանման բանտախուց, ինչպէս որ կը կատարուի հասարակ քաղաքացիներուն հետ:

Թրամփի դէմ այս դատական գործը ծագեցաւ երբ ի յայտ եկաւ որ, 2016-ի նախագահական ընտրութիւններէն օրեր առաջ, Թրամփի փաստաբան` Մայքըլ Գոհէն 130 հազար  տոլար վճարած է պորնակագրական ֆիլմերու դերասանուհի` Սթորմի Տանիլզին, ապահովելու համար անոր լռութիւնը` Թրամփի հետ ունեցած արտա-ամուսնական սէռային յարաբերութեան մասին: Թրամփ յետագային մաս առ մաս այդ գումարը վերադարձուցած է  իր փաստաբանին եւ զանոնք արձանագրած է որպէս իրաւական ծախսեր: Մայքըլ Գոհէն այս հարցով դատապարտուեցաւ երեք տարուայ բանտարկութեան:

Այս հարցը ուսումնասիրելու ընթացքին Նիւ Եորքի դատախազութիւնը յայտնաբերած է այլ ապօրէն գործեր եւս, մեղադրանքներու թիւը հասցնելով 34 կէտի:

Նոյն օրը, Թրամփ ներկայացաւ դատաւորի առջեւ եւ յայտարարեց, որ չընդունիր իր դէմ եղած մեղադրանքները: Դատաւորը ազատ արձակեց նախկին նախագահին` մինչեւ բուն դատավարութեան սկսիլը:

Հանրապետական կուսակցութեան շրջանակները տեղի ունեցածը կը որակեն քաղաքական հալածանք` վնասելու համար Թրափի վերընտրութեան: Դեմոկրատները կը հակադարձեն որ, ոեւէ մէկը օրէնք վեր չէ եւ պէտք է արտօնել որ, դատական գործը ընթանայ օրէնքի սահմաններուն մէջ:

Ընդհանուր նժարին վրայ Թրամփի դէմ յարուցուած այս գործը ամենէն թեթեւն է: Ընթացքի մէջ են երեք այլ քրէական գործեր, որոնք շատ աւելի լուրջ են եւ աւելի հասկնալի ժողովուրդին համար:

Առաջինը կը վերաբերի Ճորճիա նահանգի Աթլանթա քաղաքին մէջ ընթացող քննութիւնն է` կապուած 2020-ի նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքը փոխելու Թրամփի կատարած միջամտութեան: Ան հեռաձայնած էր նահանգի քարտուղարին,  որ ընտրութիւններուն հսկող գլխաւոր անձն է, ճնշում բանեցնելով անոր վրայ, որպէսզի գտնէ 11,780 ձայն, որոնք պիտի ապահովեն իր յաղթանակը Ճորճիայի մէջ: Այդ խօսակցութեան արտահոսքը օրին տարածուեցաւ եւ ամբողջ Ամերիկան լսեց ձայնային արձանագրութիւնը:

Երկրորդ հարցը կապուած է պետական խիստ քաղտնի փաստաթուղթերուն հետ, որոնք Թրամփ տարած էր իր տունը, փոխանակ վերադարձնելու Ազգային Արխիւ` պահուելու համար յատուկ պայմաններու տակ:

Երրորդ հարցը կը վերաբերի 2021-ի Յունուար 6-ին Գափիթոլի շէնքին վրայ կատարուած յարձակումին մէջ Թրամփի ունեցած դերակատարութեան:

Հակառակ Թրամփի կոչերուն, որպէսզի իր համակիրները դուրս գան փողոց եւ բողոքեն իր դէմ կատարուածի դէմ, շատ քիչեր ներկայ էին դատարանի շէնքի առջեւ: Իր համակիրներէն շատեր ընկերային ցանցերուն վրայ կը յիշեցնէին որ, Յունուար 6-ին ձերբակալուածները մնացին անպաշտպան ու անտեսուեցան Թրամփի Կողմէ: Անոնցմէ շատերը ներկայիս կը գտնուին բանտերու մէջ:

Նախքան Տանոլտ Թրամփի յայտնուիլը քաղաքական թատերաբեմին վրայ նման երեւոյթներ աներեւակայելի էին Ամերիկացի ժողովուրդին համար: Սպիտակ Տան նախկին բնակիչները միշտ փորձած են մնալ օրէնքի սահմաններուն մէջ, սակայն Թրամփ պաշտօնի գալէն անմիջապէս ետք սկսաւ խախտել ոչ միայն նախկին աւանդոյթները, այլ եւ` գործել օրէնքէ դուրս եւ կարողացաւ խուսափիլ պատասխանատուութենէ, նկատի առնելով որ, նախագահները անձեռնմխելի են եւ չեն կրնար դատուիլ պաշտօնավարման ժամանակաշրջանին:

Ինչ որ ալ ըլլան պարագաները Ապրիլ 4-ը Ամերիկայի պատմութեան մէջ պիտի մնայ սեւ օր մը, երբ նախկին նախագահ մը որպէս մեղադրեալ յայտնուեցաւ դատարանի առջեւ:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment