Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՊԿ-ը Մշտական Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Առաքելութիւն Ուղարկելու Հայ-Ատրպէյճանական Սահման․ Շուվալով

ՀԱՊԿ-ը Մշտական Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Առաքելութիւն Ուղարկելու Հայ-Ատրպէյճանական Սահման․ Շուվալով

by MassisPost

Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) մշտական​պատրաստակամութիւն կը յայտնէ առաքելութիւն ուղարկելու հայ-ատրպէյճանական սահման` ելլելով Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման շահերէն: Այս մասին յայտարարած է ՀԱՊԿ քարտուղարութեան ներկայացուցիչ Եուրի Շուվալով կազմակերպութեան կեդրոնակայանին մէջ ՀԱՊԿ-ի ղեկավարող կազմի ընդլայնուած խորհրդակցութենէն յետոյ:

«Ինչ կը վերաբերի հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան տարածաշրջանին, ապա կազմակերպութիւնը մշտապէս ​​պատրաստ է ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւն ուղարկել հայ-ատրպէյճանական սահման` ելլելով Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման շահերէն, ինչպէս նաեւ այլ օգնութիւն ցուցաբերել», ըսած է Շուվալով:

Շոււալով յաւելած է, որ օգնութեան միջոցառումները արդէն ներառուած են ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի որոշման նախագիծին մէջ, որ ընթացքի մէջ է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment