Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Վերապահումով Միացած Է «Յանուն Ժողովրդավարութեան» Գագաթաժողովի Հռչակագրին

Հայաստանը Վերապահումով Միացած Է «Յանուն Ժողովրդավարութեան» Գագաթաժողովի Հռչակագրին

by MassisPost

Հայաստանը վերապահումով միացած է ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի նախաձեռնութեամբ «Յանուն Ժողովրդավարութեան» երկրորդ գագաթաժողովի լիագումար նիստի աւարտին ընդունուած Հռչակագրին:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ձեռնպահ մնացած է մէկ պարբերութենէն, քանի որ այն «համապարփակ եւ ընդգրկուն կերպով չ’արտացոլեր բոլոր հակամարտութիւնները եւ ճգնաժամերը եւ չ’անդրադառնար Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին դէմ Ատրպէյճանի ներխուժման դրսեւորման եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի որոշակի հատուածներուի բռնագրաւման փաստին»:

Պարբերութիւնը, որմէ ձեռնպահ մնացած է պաշտօնական Երեւանը, հետեւեալն է.

«Մենք կը վերահաստատենք մեր ամուր վճռականութիւնը` աջակցելու աշխարհի այն երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն, որոնք հաւատարիմ են ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան արժէքներուն` ընդդէմ զանոնք խարխլելու ուղղակի կամ անուղղակի փորձերուն կամ սպառնալիքներուն: Մենք կ’ընդունինք ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիմնարար սկզբունքները, որոնց համաձայն՝ բոլոր պետութիւնները իրենց միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ պէտք է զերծ մնան որեւէ պետութեան տարածքային ամբողջականութեան կամ քաղաքական անկախութեան դէմ ուժի սպառնալիքէն կամ կիրառումէն եւ իրենց միջազգային վէճերը կարգաորեն խաղաղ միջոցներով: Մենք կ’ընդունինք պետութիւններու անհատական կամ հաւաքական ինքնապաշտպանութեան անկապտելի իրաւունքը` համաձայն Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածին: Մենք կ’ընդգծենք Ուքրանիոյ մէջ հնարաւորինս շուտ համապարփակ, արդար եւ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքներուն համապատասխան: Մենք կը ցաւինք Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ Դաշնութեան յարձակման հետեւանքով ի յայտ եկած մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական սարսափելի հետեւանքներուն համար, ներառեալ ամբողջ Ուքրանիոյ մէջ ճակատագրական ենթակառուցուածքներու դէմ շարունակական յարձակումները, որոնք աւերիչ հետեւանքներ ունին խաղաղ բնակչութեան համար, եւ մեր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնենք քաղաքացիական զոհերու մեծ թիւին առնչութեամբ, ներառեալ կանանց եւ երեխաներու, մարդասիրական օգնութեան կարիք ունեցող ներքին տեղահանուած անձերու եւ փախստականներու թիւի, ինչպէս նաեւ երեխաներուն նկատմամբ կատարուած խախտումներուն ու բռնութիւններուն առնչութեամբ: Մենք խորապէս մտահոգուած ենք համաշխարհային պարէնային անվտանգութեան, էներգետիկայի, միջուկային անվտանգութեան եւ ապահովութեան, ինչպէս նաեւ կենսոլորտին վրայ պատերազմի անբարենպաստ ազդեցութեամբ: Մենք կը պահանջենք, որ Ռուսիան անյապաղ, ամբողջութեամբ եւ անվերապահօրէն դուրս բերէ իր բոլոր ռազմական ուժերը միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններով Ուքրանիոյ տարածքէն եւ կոչ կ’ընենք դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները: Մենք նաեւ կոչ կ’ընենք զինուած հակամարտութեան կողմերուն հաւատարիմ մնալու միջազգային իրաւունքով, ներառեալ միջազգային մարդասիրական իրաւունքով ստանձնած պարտաւորութիւններուն: Մենք նաեւ կոչ կ’ընենք ամբողջութեամբ փոխանակելու ռազմագերիները, ազատ արձակելու բոլոր ապօրինի ձերբակալուածները եւ վերադարձնելու բոլոր ներկալուածները եւ բռնի տեղափոխուած եւ արտաքսուած քաղաքացիական անձերը, այդ շարքին` երեխաները: Մենք վճռականօրէն կ’աջակցինք Ուքրանիոյ տարածքին միջազգային իրաւունքով լրջագոյն յանցագործութիւններու համար պատասխանատուութեան ենթարկելը` ազգային կամ միջազգային մակարդակով պատշաճ, արդար եւ անկախ հետաքննութիւններու եւ քրէական հետապնդումներու միջոցով, ինչպէս նաեւ բոլոր զոհերուն համար արդարադատութեան ապահովումը եւ ապագայ յանցագործութիւններու կանխարգիլումը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment