Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԻՊ Պաշտօնին Ընդդիմութիւնը Առաջադրած Է Էտկար Ղազարեանի Թեկնածութիւնը

ՄԻՊ Պաշտօնին Ընդդիմութիւնը Առաջադրած Է Էտկար Ղազարեանի Թեկնածութիւնը

by MassisPost

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնին Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները առաջադրած են Վայոց Ձորի նախկին մարզպետ, ընդդիմադիր Էտկար Ղազարեանի թեկնածութիւնը:

Վերջինս «Ազատութեան» ըսաւ, թէ վստահ է, որ ինք պիտի ըլլայ Հայաստանի յաջորդ ՄԻՊ-ը, քանի որ, ինչպէս ինք բնորոշեց, մեծամասնութեան թեկնածուն է:

Իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը արդէն յայտարարած է, որ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի թափուր պաշտօնին պիտի առաջադրէ Գլխաւոր դատախազի տեղակալ Անահիտ Մանասեանի թեկնածութիւնը:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կ’ընտրէ խորհրդարանը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment