Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ինչո՞ւ ԱՄՆ Պէտք Է Վճարէ Ատրպէյճանի Ռազմական Կրթութեան Համար, Որ Կը Յարձակի Հայաստանի Վրայ. Մենենտես

Ինչո՞ւ ԱՄՆ Պէտք Է Վճարէ Ատրպէյճանի Ռազմական Կրթութեան Համար, Որ Կը Յարձակի Հայաստանի Վրայ. Մենենտես

by MassisPost

ԱՄՆ Գոնկրէսի Ծերակոյտի Արտաքին Յարաբերութիւններու Հարցերով Յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտես լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է ԱՄՆ-ի կողմէ Ատրպէյճանին տրուող ռազմական օգնութեան առնչութեամբ: Մենենտես իր վրդովմունքը արտայայտած է յանձնաժողովի լսումներուն ժամանակ, ուր որպէս պատասխանող կողմ հանդէս կու գար ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը:

«Վերջին տարուան ընթացքին մենք տեսած ենք, թէ ինչպէս Ատրպէյճանը կը նուաճէ Հայաստանի տարածքները, սնունդի անվտանգութեան ճգնաժամ կը ստեղծէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակուող շրջափակմամբ… Վերջին 5 տարուան ընթացքին մենք տեսած ենք, թէ ինչպէս Ատրպէյճանը կը հրահրէ պատերազմ, որուն հետեւանքով 6500 մարդ զոհուած է, Ղարաբաղի գրեթէ 100 հազար հայ տեղահանուած է իրենց տուներէն: Ես մտահոգուած եմ Ալիեւի վարչակարգին օգնութեան տրամադրմամբ», ըսաւ Մենենտես:

Ան արձանագրեց, որ Պետական Քարտուղարութիւնը 700 հազար տոլար խնդրած է ատրպէյճանցի զինուորականներու միջազգային զինուորական կրթութեան եւ վերապատրաստման համար:

«Կրնա՞ք բացատրել ամերիկեան ժողովուրդին, թէ ինչու մենք կը փափաքինք զինուորական կրթութիւն եւ վերապատրաստում տրամադրել նախայարձակ պետութեան, որ կը յարձակի իր հարեւանին վրայ եւ կ’ոտնահարէ (Խմբ.` այդ երկրին) քաղաքացիներուն իրաւունքները», Պլինքընին հարցում ուղղեց Մենենտեսը:

«Անոր համար կան գործնական պատճառներ, որոնցմէ մէկն է` ամրապնդել անոնց ուժերու, մեր ուժերու եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ փոխգործակցութիւնը. Անոնք կը զբաղին խաղաղապահ գործունէութեամբ: Անոնք Իրանի հետ ունին երկար սահման, որ պաշտպանութեան կարիք ունի: Բայց նաեւ մենք կը կարծենք, որ իսկապէս օգտակար է մեծցնել անոնց որոշ սպաներուն արեւմտեան կրթութիւնը, գուցէ` կողմնորոշումը», ըսաւ Պլինքըն:

Այս պատասխանը վրդովեցուց Պոպ Մենենտեսը:

«Յոյսով եմ, որ այդ արեւմտեան կրթութեան ժամանակ չեն անոնք սորված այն, ինչ ըրած են` շրջափակելով այդ մարդիկը, հակամարտութիւն սկսելով, 6500 զոհ, յոյսով եմ որ այդ չէ արեւմտեան կրթութիւնը»,  նշեց Մենենտես:

Այլ գիծի վրայ, լսումներու ժամանակ Պլինքըն կարծիք յայտնած է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը շուտով կրնան խաղաղութեան համաձայնութեան հասնիլ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment