«Մեզի շատ կ’անհանգստացնեն թշնամական հռետորաբանութիւնը, նախադէպերու աճը, կողմերու` փոխզիջումներու երթալու ցանկութիւն չունենալը, Լաչինի միջանցքին չկարգաւորուած իրավիճակը»․ Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան Մարտ 23-ի ասուլիսին այսպէս պատասխանած է հայ-ատրպէյճանական բանակցային գործընթացի մասին հարցին:
«Խաղաղ գործընթացի այլընտրանքային տարբերակ չկայ: Կոչ կ’ընենք կողմերուն իրենց յայտարարութիւններուն եւ գործողութիւններուն մէջ զսպուածութիւն ցուցաբերելու, վերականգնելու բանակցային ուղղութիւնները` այդ շարքին հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, սահմանազատումը եւ այլն», նշած է ան:
Զախարովան նաեւ ըսած է, որ լարուածութեան աճը պայմանաւորուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին ԵՄ դիտորդական առաքելութեան ներկայութեան հետ:
«Երբ հայ-ատրպէյճանական սահմանին յայտնուեցաւ Արեւմուտքը, մասշտաբային խնդիրներ սկսան», նշած է Զախարովան: