Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սպիտակ Տունը Պաքուին Եւ Երեւանին Կոչ Կ’ընէ Իրավիճակի Ապամագլցողութեան Քայլերու Ձեռնարկելու

Սպիտակ Տունը Պաքուին Եւ Երեւանին Կոչ Կ’ընէ Իրավիճակի Ապամագլցողութեան Քայլերու Ձեռնարկելու

Ալիեւ Փաստացի Կը Մերժէ Արցախի Շրջափակման Վերջ Տալու ԱՄՆ-ի Կոչը

by MassisPost

Սպիտակ Տան մէջ կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին ԱՄՆ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի ներկայացուցիչ Ճոն Քըրպին Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ըրած է քայլերու ձեռնարկելու իրավիճակը ամամագլցողական դարձնելու համար:

«Բոլոր կողմերուն կոչ կ’ընենք թուլացնելու լարուածութիւնը: Մենք չենք փափաքիր տեսնել որեւէ բռնութիւն եւ կը փափաքինք տեսնել, որ բոլոր կողմերը կը ձեռնարկեն համապատասխան քայլերու` լարուածութիւնը թուլացնելու եւ բռնութիւնը դադրեցնելու համար», ըսած է Քըրպին ի պատասխան արգելափակուած Լաչինի միջանցքին վերաբերեալ հարցումի:

Հարցին հեղինակը, յիշեցնելով, որ լրացած է Լաչինի միջանցքի արգելափակման 100-րդ օրը, հետաքրքրուած էր հակամարտութեան առնչութեամբ ԱՄՆ-ի դիրքորոշմամբ, ինչպէս նաեւ` թէ կը մտահոգէ՞ արդեօք պաշտօնական Ուաշինկթընին «Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ 2 հազար ռուս զինուորներու ներկայութիւնը»:

Նոյն օրը, յիշեցնենք, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարը զանգահարած է Ատրպէյճանի նախագահին` կարեւորելով Լաչինի միջանցքին վերաբացումը եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ գործընթացի շարունակականութիւնը:

Ալիեւ Փաստացի Կը Մերժէ Արցախի Շրջափակման Վերջ Տալու ԱՄՆ-ի Կոչը
Ատրպէյճանի նախագահը Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարին հետ հեռախօսազրոյցին ընթացքին դարձեալ ընդգծած է Լաչինի միջանցքին անցակէտ տեղադրելու անհրաժեշտութիւնը` պատճառաբանելով, թէ հայկական կողմը կը շարունակէ ռազմական փոխադրումները Ղարաբաղ:

Իլհամ Ալիեւ ըսած է, որ պատրաստ է մօտ ապագային ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը, որու բնագիրը վերջին առաջարկութիւններով եւ փոփոխութիւններով արդէն ներկայացուած է հայկական կողմին:

Պետական քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Պլինքընը զանգահարած է Ալիեւին:

Ըստ հաղորդագրութեան` պետական քարտուղարը առաջարկած է ԱՄՆ-ի շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի հետ երկկողմ խաղաղ քննարկումներուն նպաստելու գործին մէջ, ընդգծած է, որ չկայ ռազմական լուծում, եւ կարեւորած է Լաչինի միջանցքին վերաբացումը:

Կարեւորելով կողմերուն միջեւ ուղիղ բանակցութիւնները` Էնթընի Պլինքընը Թուիթերով գրած է, որ Ալիեւի հետ զրոյցին իր աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի հետ կայուն խաղաղութեան եւ Ուաշինկթընի պատարաստակամութիւնը` աջակցելու այդ ջանքերուն:

Նախօրէին ալ պետական քարտուղարը զանգահարած էր Հայաստանի վարչապետին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment