Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ո՞վ Պիտի Յաղթէ Թուրքիոյ Յառաջիկայ Ընտրութիւններուն

Ո՞վ Պիտի Յաղթէ Թուրքիոյ Յառաջիկայ Ընտրութիւններուն

by MassisPost

ՃՐՏԳ. Համբարձում Աղպաշեան

Երկարատեւ ժողովներէ եւ աշխատանքներէ ետք թրքական ընդդիմադիր կուսակցութիւնները (թիւով վեց են, Քեմալ Քըլըչդարօղլուի գլխաւորած Ժողովրդա-Հանրապետական ​​կուսակցութիւնը, ապա՝ Մերալ Աքշնարի 2017 թ. հիմնադրած «Լաւ» կուսակցութիւնը, երրորդը՝ նախկին վարչապետ Ահմէդ Տավութօղլուի 2019 թ. հիմնադրած «Ապագայ» կուսակցութիւնը, ապա Ալի Բաբաջանի 2020 թ. հիմնած  «Ժողովրդավարութիւն եւ Վերածնունդ» կուսակցութիւնը, Թեմէլ Քարամոլլա օղլուի «Երջանկութիւն»  եւ Գիւլթեքին Ույսալի Դեմոկրատական ​​կուսակցութիւնները), յաջողեցան Քեմալ Քըլըչդարօղլուն իբր իրենց թեկնածուն ընտրել 2023 թ. Մայիսին նշանակուած ընտրութիւններուն նախագահ Ռեջէփ Թայիպ Էրտողանի հետ մրցակցելու։

Քեմալ Քըլըչդարօղլուի գլխաւորած աշխարհիկ Ժողովրդա-Հանրապետական ​​կուսակցութիւնը ամենամեծը եւ ամենահինն է, Քեմալ Աթաթուրքը հիմնած էր ան 1923 թ.։

Ներկայիս Քըլըչդարօղլուն կը վայելէ  ընդդիմադիր կուսակցութիւններու աջակցութիւնը, որովհետեւ ան կը բխի անոնց շահերէն. Քըլըչդարօղլուի յաղթանակի առիթը ընտրութիւններուն  նոյնքան մեծ է, որքան Էրտողանինը եւ աւելին. Ըստ  Aksoy Research-ի կողմէ  հրապարակուած Մարտ 8, 2023-ին կատարուած սոցհարցումներու (poll) արդիւնքներուն Քըլըչդարօղլուն 55,6%-ով առաջատար է Էրտողանի  44,4%-ի նկատմամբ: Իսկ Alf Research-ը ցոյց կու տայ  55.1% Քըլըչդարօղլուին եւ 44.9% Էրտողանին. Ուրիշ հետազօտական կեդրոն մը եւս (Piar Research)  մօտաւորապէս նոյն թիւերը ունի։ Ընդդիմադիր քիւրտամէտ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական ​​Կուսակցութիւնը կը ներկայացնէ 10-11% եւ անոնք  Էրտողանին դէմ են. Քըլըչդարօղլուին կուսակցութիւնը համակրելի է 31.8%, մինչդեռ  Էրտողանին 31%։ Այստեղ նկատի կ՚առնուի որ իրար շատ մօտ են եւ երրորդ կողմն է որ յաղթանակը պիտի որոշէ:

Ինչ կը վերաբերի խորհրդարանի ընտրութիւններուն, ըստ տուեալներուն  ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կը յաղթեն Էրտողանի եւ անոր դաշնակից Տեւլէթ Պահչելիի ազգայնամոլ կուսակցութեանը խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան նախագահական ընտրութիւններուն նոյն օրը, եւ այդ կը նշանակէ որ Էրտողանը, նոյնիսկ եթէ յաղթէ պիտի չկարենայ ազատ իշխել:

Եթէ Քըլըչդարօղլուն յաղթէ, իրեն աջակցողները հնարաւորութիւն կ՚ունենան մասնակցելու պետութեան ղեկավարութեանը, մինչդեռ Էրտողանը փակած է դռները անոնց առջեւ։

Թուրքիոյ բոլոր ընտրութիւններու նման, այս ալ նոյնպէս առկայ է կրօնքի ազդեցութեան. Էրտողանը մեծապէս կը յենուի կրօնքի վրայ, սակայն այս կէտը անտեսուած չէ ընդդիմութեան կողմէ, որ իր թեկնածուին ընտրութիւնը յայտարարած է Իսլամական Երջանկութիւն կուսակցութեան կեդրոնէն, ցոյց տալու համար աշխարհիկներէ մինչեւ իսլամականներու անոր վայելած աջակցութիւնը. Ընդդիմադիր դաշինքի ուշադրութեան կեդրոնի մէջ է նաեւ Թուրքիոյ տնտեսական վիճակը, շուկայի սղաճը, լէրայի արժէքի անկումը, որ հասած է շուրջ 19 լէրա մէկ ԱՄՆ տոլարի դիմաց։ Կը մնայ եւս Սուրիոյ հետ Էրտողանի ունեցած խնդիրը ան ալ ուրիշ հարց է, որ Էրտողանը կ՚ուզէ շուտով լուծէ ընտրութիւններէն առաջ, իսկ քիւրտերու խռովութիւնը Էրտողանի անլուծելի մղձաւանջն է:

Քըլըչդարօղլուն առաջադրուած է «Լաւ» կուսակցութեան ղեկավար Մերալ Աքշեների  հակազդեցութենէն ետք, որ Իսթանպուլի քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուին եւ Անքարայի քաղաքապետ Մանսուր Եաւաշի յորդորել է Քըլըչդարօղլուին հետ մրցիլ. անոնք երկուքն ալ Քըլըչդարօղլուի կուսակցութեան անդամներ են, եւ երբ Իմամօղլուն եւ Եաւաշը չստացան իրենց կուսակցութեան աջակցութիւնը, փոխզիջում եղաւ որ անոնք երկուքն ալ  փոխնախագահներ ըլլան եթէ Քըլըչդարօղլուն նախագահ ընտրուի։

Իմամօղլուն, ե՛ւ Եաւաշը կարողացան պարտել Էրտողանի կուսակցութեան թեկնածուներուն 2019 թ. քաղաքապետարանի  ընտրութիւններուն, ուր Իմամօղլուն յաղթեց Օսմանեան Կայսրութեան պատմական մայրաքաղաք Իսթանպուլի մէջ եւ Եաւաշը Անքարայի մէջ։ Ինչ կը վերաբերի 74-ամեայ Քըլըչդարօղլուին, ան վեթերան քաղաքական գործիչ է եւ փորձառու Բիւրոկրատ, սակայն շատերը անոր հրաշաձօն (charismatic) մէկը չեն տեսներ, ի տարբերութիւն  Էքրեմ Իմամօղլուէն, որու Իսթանպուլի յաղթանակը միջազգային մամուլի ուշադրութիւնը գրաւեց, սակայն Քըլըչդարօղլուի քաղաքական պատմութիւնը ամրապնդեց անոր դիրքերը առաջադրման մէջ:

Կը մնայ Քիւրտամէտ կուասկցութեան ազդեցութիւնը։ Եթէ ​​ան ձեռնպահ մնայ սեփական թեկնածու  ունենալէ, վստահ Քըլըչդարօղլուին պիտի աջակցի եւ շատ հաւանական է, որ ան յաղթէ առաջին փուլէն, որ կը պահանջէ ստանալ 50%+1 ձայն. Քիւրտամէտ կուասկցութեան աջակցութիւնը մեծ դեր ունեցաւ  Քըլըչդարօղլուին կուսակցութեան Իսթանպուլի քաղաքապետարանի յաղթանակին մէջ ։

Ընդդիմադիր կուսակցութիւններու պատասխանատուները  բանակցութիւններ պիտի ունենան Քիւրտամէտ կուասկցութեան հետ, անոնց համոզելու որ իրենց  միանան։ Չմոռնանք որ քիւրտերն ալ իրենց պահանջները ունին։

Էրտողանը այս կամ այն ​​կերպով պիտի փորձէ յաղթել, ան կը խոստանայ վերջին երկրաշարժի աւերուածը վերադարձնել մէկ տարուայ ընթացքին եւ կ՚ուզէ բոլորին համոզել թէ ինքը միակ անձն է, որ պիտի կարողանայ երկիրը փրկել։ Իր կուսակցութեան  անդամները եւ աջակիցները պատրաստ են ամէն ինչ ընելու անոր յաղթանակին համար։ Արդէն պետութեան պաշտօնեաներէն շատերը այդ գծի վրայ են, սակայն կը թուի թէ արդիւնքներու կեղծումը դժուար պիտի ըլլայ Էրտողանի համար, որովհետեւ ընդիմդիմադիրները  կը դժուարացնեն իշխանութեան  միջամտութիւնը ընտրութիւններուն մէջ։

Էրտողանը կարող է փորձել  յետաձգել Մայիս 14, 2023-ին ծրագրուած  ընտրութիւնները, եւ այդ մէկը վստահ պիտի ըլլայ երբ զգայ որ պիտի պարտուի, եւ եթէ տեղի ունենան եւ ինք պարտուի ան կրնայ արդիւնքները չեղեալ համարել, ինչպէս որ 2019 թ. Իսթանպուլի քաղաքային ընտրութիւններուն ըրաւ։ Կը մնայ մեծ պետութիւններու ազդեցութիւնը եւ անոնց կողմորոշումը. Ռուսիոյ համար Էրտողանը մտերիմ եւ հաճելի բարեկամ է, իսկ (ՆԱԹՕ- NATO ) երկիրներու համար ան Տրոյեան (Trojan) է:

Ի Վերջոյ, Էրտողանը հեշտութեամբ պարտուիլը  ընդունող մէկը չէ, եւ այդ կարելի  է որ ներքին խռովութիւններու ծայր տայ եթէ ընտրութիւնները տեղի ունենան եւ ինք պարտուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment