Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ Յովիկ Աբրահամեանի Ընտանիքէն Բռնագանձել Ապօրինի Ծագում Ունեցող 59 Անշարժ Գոյք

Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ Յովիկ Աբրահամեանի Ընտանիքէն Բռնագանձել Ապօրինի Ծագում Ունեցող 59 Անշարժ Գոյք

by MassisPost

Հակափտածութեան Դատարանը վարոյթ ընդունած է ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ հերթական` 30-րդ եւ 31-րդ հայցադիմումները:

Մէկ հայցադիմումով Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը պահանջ ներկայացուցած է դատարանին` «Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհային միջանցք» ծրագրի «թրանշ 1» եւ «թրանշ 2» հատուածներու կապալառու սպանական «Քորսան Քորուիամ Քոնսթրուքցիոն» ընկերութեան հայաստանեան մասնաճիւղի ենթակապալառու «Փոլի-թրանսթորփ» ընկերութեան բաժնետէր Գ.Վ.-էն յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան որպէս ապօրինի ծագում ունեցող գոյք բռնագանձել`

Երեւան քաղաքի Աջափնեակ համայնքի Վահագնի թաղամասի Ն. Շնորհալի փողոցին վրայ գտնուող բնակելի տունը, 2 փոխադրութեան միջոց, 3 իրաւաբանական անձերու մէջ մասնակցութիւն, իսկ անհնարինութեան պարագային` անոնց միջին շուկայական արժէքը, որ ընդհանուր կը կազմէ աւելի քան 163 միլիոն դրամ.

33 միլիոն դրամ` որպէս ապօրինի եկամուտի մնացորդի եւ օրինական եկամուտներով չհիմնաւորուող, բարեխիղճ երրորդ անձերու փոխանցուած դրամի հանրագումար:

Միւս հայցադիմումով ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը պահանջ ներկայացուցած է դատարանին ՀՀ տարածքային կառավարման նախկին նախարար, ԱԺ նախկին նախագահ, նախկին ՀՀ վարչապետ Յ.Ա.-էն, անոր կնոջմէ` Ջ.Ա.-էն, որդիէն, դուստրերէն, իրեն փոխկապակցուած այլ անձերէ (աշխատակիցներ, ազգականներ եւ անոնց ամուսիններ) յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձել`

59 անշարժ գոյք, որմէ 15-ը` Երեւան քաղաքին մէջ, մեծաւ մասամբ Կեդրոն վարչական շրջանին մէջ, 12-ը Արարատի մարզի Մխչեան համայնքին մէջ, 10-ը` Նարեկ համայնքին մէջ, 2-ը` Կոտայքի մարզ, Արզական համայնքին մէջ, 6-ը` Կոտայքի մարզ Ծաղկաձոր համայնքին մէջ, 1-ը` Վայոց Ձորի մարզ, Ջերմուկ համայնքին մէջ, 1-ը` Գեղարքունիքի մարզ, Սեւան համայնքին մէջ, 6-ը` Տաւուշի մարզ, Դիլիջան համայնքին մէջ, 3-ը Կոտայքի մարզ, Մեղրաձոր համայնքին մէջ, 1-ը` Արարատի մարզ, Մարմարաշէն համայնքին մէջ, 1-ը Արարատի մարզ, Այնթապ համայնքին մէջ, 1-ը` Արարատի մարզ, Արեւաբոյր համայնքին մէջ.

4 ինքնաշարժ.

20 ընկերութիւններու մասնակցութիւններ եւ բաժնետոմսեր.

շուկայականէն էականօրէն ցած արժէքով օտարուած 9 գոյքերու շուկայական արժէքներ` ընդհանուր` 1 միլիառ 628 միլիոն 277 հազար 90 դրամ.

ընկերութիւններուն տրուած փոխառութիւններէն ծագող պահանջի իրաւունք` 11 միլիոն 292 հազար 570 տոլարի, 687 միլիոն 500 դրամի եւ 3 միլիոն 117 հազար 680 եւրոյի չափով.

21 միլիառ 202 միլիոն 67 հազար 797 դրամ` որպէս ապօրինի եկամուտի մնացորդի եւ օրինական եկամուտներով չհիմնաւորուող, բարեխիղճ երրորդ անձերու փոխանցուած կամ չնոյնականացուած դրամի հանրագումար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment