Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտպանութեան Նախարար Սուրէն Պապիկեան Ընդունած Է Աշխատանքային Այցով Հայաստան Ժամանած ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղարը

Պաշտպանութեան Նախարար Սուրէն Պապիկեան Ընդունած Է Աշխատանքային Այցով Հայաստան Ժամանած ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղարը

by MassisPost

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան  ընդունած է  աշխատանքային այցով Հայաստան ժամանած ՀԱՊԿ  գլխաւոր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Կարծիքներ փոխանակուած են միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան շարք մը հարցերու, այդ շարքին`  հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին եւ Հայաստանի շուրջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրադրութեան վերաբերեալ:

Մասնաւորապէս, խօսելով սահմանային իրավիճակին մասին, Սուրէն Պապիկեանը ներկայացուցած է ՀԱՊԿ հաւաքական պաշտպանութեան մեխանիզմներու գործարկման վերաբերեալ տեւական ժամանակ առկայ խնդիրները եւ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան ակնկալիքները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment