Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եւրոմիութիւնը Հայաստանին Եւ Ատրպէյճանին Կոչ Կ’ընէ Օգտուելու «Պատմական Հնարաւորութենէն»

Եւրոմիութիւնը Հայաստանին Եւ Ատրպէյճանին Կոչ Կ’ընէ Օգտուելու «Պատմական Հնարաւորութենէն»

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը կոչ կ’ընէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին օգտուելու «պատմական հնարաւորութենէն»` լուծելու տարաձայնութիւնները, եւ վերադառնալու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ:

«Մենք կոչ կ’ընենք երկու երկիրներու ղեկավարներուն օգտագործելու պատմական հնարաւորութիւնը այս հակամարտութիւնը վերջնականապէս լուծելու եւ բովանդակալից երկխօսութեան վերադառնալու համար», ըսած է Հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով եւրոպական յանձնակատար Օլիվըր Վարհէին Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստին Պաքուի եւ Պրիւքսէլի միջեւ յարաբերութիւններու վերաբերեալ քննարկումներուն ժամանակ:

«Շատ կարեւոր հարցեր կը պահանջեն հրատապ լուծում», ընդգծած է յանձնակատարը:

Վարհէին լիակատար աջակցութիւն յայտնած է Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլի ջանքերուն, որոնք ուղղուած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ երկխօսութեան խաղաղ գործընթացին առնչուող բոլոր հարցերուն շուրջ` ներառեալ ապագայ խաղաղութեան պայմանագիրը եւ սահմանազատումը:

Եւրոյանձնակատարի խօսքով` Եւրոմիութիւնը Հայաստանի մէջ առաքելութիւն տեղակայած է (EUMA) «լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ խաղաղ գործընթացին աջակցելու համար»:

«Սա կարեւոր քայլ է կայունութեան ամրապնդման եւ տարածաշրջանին մէջ Եւրոմիութեան դերի ամրապնդման համար», ըսած է Վարհէին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment