Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը ԼՂ Ժողովուրդին Նկատմամբ Ցեղասպանութեան Նախապատրաստութիւններ Կը Տեսնէ

Ատրպէյճանը ԼՂ Ժողովուրդին Նկատմամբ Ցեղասպանութեան Նախապատրաստութիւններ Կը Տեսնէ

by MassisPost

«Ի հեճուկս Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի որոշման` Ատրպէյճանը կը շարունակէ ապօրինի փակ պահել ԼՂ-ն Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքի միակ անցանելի ասֆալթապատ ճանապարհը: Միաժամանակ կը տեսնենք ԼՂ-ի հետ շփման գիծին վրայ իրադրութիւնը ռազմական առումով սրելուն ուղղուած յստակ գործողութիւններ Ատրպէյճանի կողմէ», կառավարութեան հերթական նիստին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Վարչապետը յիշեցուց ԼՂ-ի մէջ երեք ոստիկաններու սպանութիւններուն փաստերը, Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան յայտարարութիւնը եւ նշեց. «Խախտուել է ոչ միայն հրադադարը, ոչ միայն ԼՂ շփման գիծը, այլեւ Լաչինի միջանցքի 5 քմ-նոց գօտին»:

«Ատրպէյճանի պետական եւ մերձպետական քարոզչութիւնը տեւական ժամանակ ԼՂ-ի նկատմամբ լայնածաւալ յարձակման լրատուական ենթախորք է ստեղծում, եւ լարուածութեան միտումները տեսանելի են նաեւ գետնի վրայ», ընդգծեց վարչապետը եւ յաւելեց, որ գնահատականները կը մնան նոյնը` Ատրպէյճանը ԼՂ ժողովուրդին նկատմամբ ցեղային զտումներու, ցեղասպանութեան նախապատրաստութիւններ կը տեսնէ:

Նիկոլ Փաշինեանը կարեւոր եւ անյետաձգելի կը համարէ, որ Հայաստանը միջոցներու ձեռնարկէ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային մեխանիզմներու գործարկման ուղղութեամբ. «Խօսքը ՄԱԿ-ում նախատեսուած մեխանիզմների մասին է»:

Վարչապետը, կարեւորելով Լաչինի միջանցք եւ ԼՂ միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան գործողումը, ընդգծեց. «Դա կը հասցէագրի Ատրպէյճանի անհիմն պնդումները, թէ ՀՀ-ն ԼՂ-ում բանակ ունի, եւ որ Հայաստանից դէպի ԼՂ ռազմական փոխադրումներ են իրականացւում: Այս պնդումները անհիմն են, եւ Ատրպէյճանը փորձում է դրանք ռազմական մագլցողութեան նոր պատրուակ դարձնել: Քանի ԼՂ գլխին կանգնած է ցեղային զտման վտանգը, ԼՂ Պաշտպանութեան բանակի գոյութիւնն արդարացուած է»:

Անդրադառնալով ռուս խաղաղապահներուն գործունէութեան եւ նշելով հայկական կողմին անհանգստութիւնները` Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ նաեւ, որ ԼՂ-ի մէջ Լաչինի միջանցքին ապօրինի շրջափակման պատճառով մարդասիրական ճգնաժամը մարդասիրական աղէտի չէ վերածուած խաղաղապահ զօրախումբին շնորհիւ, ինչին համար շնորհակալութիւն յայտնեց:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment