Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն Անընդունելի Կը Համարէ Փաշինեանի Կողմէ «Ղարաբաղի Ժողովուրդ Եւ Իշխանութիւն» Բառակապակցութեան Օգտագործումը

Պաքուն Անընդունելի Կը Համարէ Փաշինեանի Կողմէ «Ղարաբաղի Ժողովուրդ Եւ Իշխանութիւն» Բառակապակցութեան Օգտագործումը

by MassisPost

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը անընդունելի կը համարէ Հայաստանի վարչապետին կողմէ Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջամտելու փորձերը, «Ղարաբաղի ժողովուրդ եւ իշխանութիւն» բառակապակցութեան օգտագործումը, յայտնած է գերատեսչութեան խօսնակ Այխան Հաճիզատէն:

Ատրպէյճանցի պաշտօնեան, արձագանգելով Հայաստանի վարչապետի նախօրէի յայտարարութիւններուն, կրկին պնդած է` «հայ բնակչութեան վերահամարկման քննարկումը Ատրպէյճանի ներքին գործն է»: «Օտար պետութիւնները չեն կրնար որեւէ դերակատարում ունենալ անոր մէջ», յաւելած է Հաճիզատէն:

«Հայաստանի վարչապետը պէտք է հասկնայ, որ Ղարաբաղի շրջանի հայկական ծագման բնակչութեան իրաւունքները երբեք չեն կրնար բարձր ըլլալ շրջանի ատրպէյճանական բնակչութեան իրաւունքներէն», պնդած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան խօսնակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment