Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ստեփանակերտի Մէջ Կը Բացառեն Պաքուի Հետ Համարկման Հարցերու Քննարկումը

Ստեփանակերտի Մէջ Կը Բացառեն Պաքուի Հետ Համարկման Հարցերու Քննարկումը

by MassisPost

Ստեփանակերտէն կը մերժեն վերահամարկման շուրջ Պաքուի մէջ քննարկումներ կատարելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն առաջարկը: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Արցախի ներկայացուցիչները հրաւիրած էին Պաքու` վերահամարկման շուրջ հերթական քննարկումներ կատարելու համար:

«Ատրպէյճանի նախագահին վարչակազմը երկրորդ հանդիպման կը հրաւիրէ Ղարաբաղի հայ համայնքի ներկայացուցիչները` շարունակելու շփումները վերահամարկման, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի մէջ ենթակառուցուածքային ծրագիրներու իրականացման հարցը քննարկելու համար: Կ’առաջարկուի յառաջիկայ օրերուն հանդիպում կատարել Պաքու քաղաքին մէջ», ըսուած է նախագահ Ալիեւի վարչակազմին տարածած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Թէ ինչո՞ւ հանդիպման վայր ընտրուած է Պաքուն, ատրպէյճանական կողմը չէ մանրամասնած:

Թէեւ Արցախի նախագահին գրասենեակը պաշտօնական որեւէ յայտարարութիւն չըրաւ, բայց խորհրդարանի Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան Յանձնաժողովի նախագահ Սէյրան Հայրապետեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ կը բացառեն Պաքուի առաջարկին ընդունումը: Արցախի անկախութիւնը այլընտրանք չունի, իսկ հանդիպման պատրաստ են, եթէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին հանդիպման հրաւիրէ 3-րդ երկիր` Արցախի ինքնորոշման հարցը քննարկելու օրակարգով:

«Հարցադրումը միանգամից մերժման ենթակայ է` համարկման, վերահամարկման: Ինչի մասին է խօսք գնում, զէնքը ձեռքներին մեր վրայ պահած համարկում են պարտադրում, չկայ այդպիսի եզրոյթ: Մենք կարող ենք ոչ թէ բանակցել` վերահամարկուելու կամ համարկուելու, ինչպէս իրենք են ասում, այլ մենք պէտք է բանակցենք մեր ինքնորոշման ճանաչման եւ միւս հարցերով որպէս հաւասարը հաւասարի հետ», ըսաւ Հայրապետեան:

Սէյրան Հայրապետեան տեղեկացուց, որ Արցախի խորհրդարանական ուժերը յայտարարութիւն պիտի տարածեն` իրենց տեսակէտը ներկայացնելով Պաքուի առաջարկին շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment