Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Այս Է Փտածութեան Դէմ Պայքարը, Ուր Չկան Իւրայիններ, Ուր Չկան Քաղաքական Խումբի Անդամներուն Համար Այլ Երաշխիքներ․ Գրիգոր Մինասեան

Այս Է Փտածութեան Դէմ Պայքարը, Ուր Չկան Իւրայիններ, Ուր Չկան Քաղաքական Խումբի Անդամներուն Համար Այլ Երաշխիքներ․ Գրիգոր Մինասեան

by MassisPost

«Ես համոզուած եմ, որ պետութեան կայացման կարեւոր յենասիւներից է  մրցակցութիւնը, այսինքն` թէ՛ պետական մարմինների միջեւ, թէ՛ քաղաքական գործիչների կողմից ազատ արտայայտուելու իրաւունքի երաշխաւորումը: Եւ դրա շրջանակներում կարծում եմ, որ տարաբանութիւն չկայ, բնական է, երբ մարդն ունի իր պատկերացումները կամ դժգոհութիւնները  մանաւանդ ձեր բարձրացրած հարցերի շրջանակներում, կարծես թէ իրեն որպէս անձ նոյնպէս այս գործն առնչւում է, բնական է, որ ազատ խօսքի շրջանակներում մարդն արտայայտուի, եւ եթէ ինչ-որ դժգոհութիւն ունի, նոյնպէս բարձրաձայնի: Դա աւելի կ’աշխուժացնի մեր իրաւապահ համակարգին` էլ աւելի լաւ աշխատել, էլ աւելի լաւ օրէնքներ նախագծել, այսինքն` բոլորս պէտք է էլ աւելի լաւ աշխատենք», այս մասին ըսաւ ՀՀ արդարադատութեան նախարար Գրիգոր Մինասեանը` պատասխանելով հարցին, թէ չկա՞յ արդեօք տարաբանութիւն, երբ Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Արսէն Թորոսեանը կը յայտարարէ, որ պետական համակարգին մէջ կան թերութիւններ:

Յիշեցնենք, որ Քովիտ-19 համավարակի չարաշահումներու գործով կալանաւորուած է Երեւանի փոխքաղաքապետ, 2020-2022 թուականներու ՀՀ առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Գէորգ Սիմոնեանը: Իսկ Արսէն Թորոսեանը, որ այդ ժամանակ եղած է առողջապահութեան նախարար, յայտնած է նաեւ, որ զինք չեն կանչած հարցաքննութեան:

Հարցին, թէ ուրկէ՞ գիտէ, որ Արսէն Թորոսեանին կ’առնչուի այս գործը, քանի որ Հակափտածութեան Կոմիտէն դեռ անոր անունը չէ տուած, նախարարը ըսաւ, որ ինք կարդացած է Արսէն Թորոսեանին յայտարարութիւնները, ուր ան կը բարձրաձայնէր այդ հարցը, որ այդ հրամանները իր օրօք եղած են, եւ նոյնիսկ կը խնդրէր, որ ինք ներգրաւուի, եւ այդ առումով բնական է, որ այս կամ այն ձեւով ներգրաւուած է:

Իսկ այն հարցին, թէ արդեօք կը համապատասխանէ՞ իրականութեան լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառուող այն լուրը, թէ Գլխաւոր դատախազին դիմում պիտի ներկայացուի Թորոսեանի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում սկսելու եւ անձեռնմխելիութենէն զրկելու համար, Գրիգոր Մինասեանը պատասխանեց, որ ինք չունի նման տեղեկութիւններ, եւ յաւելեց, որ այդ ամէնը նախաքննութեան գաղտնիքի ծիրին մէջ է:

Ինչ կը վերաբերի հարցին, թէ իշխանութիւնը կը պայքարի փտածութեան դէմ, սակայն 11 անձ 26 միլիառի իւրացման մէջ կը մեղադրուի, նախարարը ըսաւ. «Սա է փտածութեան դէմ պայքարը, որտեղ չկան իւրայիններ, որտեղ չկան քաղաքական խմբում գտնուող մարդկանց կամ պաշտօնեաների համար այլ երաշխիքներ, այլ իրաւունքներ, քան ուրիշ քաղաքացիների համար: Ես մենակ ուրախ եմ, որ նման քննարկումներ կան, եւ նման քրէական վարոյթներով ամբողջ պետական համակարգը, համայնքային աշխատողները, բոլորը հասկանում են, որ փտածութեան դէմ անզիջում պայքար է, եւ չկայ իւրային ու ոչ-իւրային: Ու եթէ մարդը կատարել է յանցագործութիւն, ինքը պատժուելու է մեր երկրում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment