Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանը Չէ Քննարկած Ատրպէյճանի Կազմին Մէջ Արցախի Համարկման Հարց․ ՀՀ ԱԽ Քարտուղար

Հայաստանը Չէ Քննարկած Ատրպէյճանի Կազմին Մէջ Արցախի Համարկման Հարց․ ՀՀ ԱԽ Քարտուղար

by MassisPost

«Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին այս մասին ըսած է Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը` անդրադառնալով այն հարցին, թէ Պաքուն կը պնդէ, որ այդ երկխօսութեան օրակարգին մէջ պէտք է ըլլայ Ղարաբաղի հայերու համարկման հարցը, եւ յայտնի է` Ստեփանակերտը կը մերժէ:

«Մենք այդպիսի հարց չենք քննարկել: Բոլորն էլ հրապարակային խօսել են, որ այդ քննարկումները իրաւունքների եւ անվտանգութեան մասին են, եւ միջազգային պայմանաւորուածութիւնները հէնց սրանք էին, եւ հէնց այս պայմանաւորուածութիւնները պէտք է ի կատար ածուեն», ըսած է Գրիգորեան:

Հարցին, թէ Երեւանի դիրքորոշու՞մն է, որ պէտք չէ քննարկուի, ԱԽ քարտուղարը պատասխանած է․

«Երեւանի դիրքորոշումն է, որ քննարկուի այն, ինչ պայմանաւորուել ենք, այսինքն` իրաւունքներ եւ անվտանգութիւն միջազգային մեխանիզմի շրջանակներում»:

Դիտարկմանը, թէ ըստ Ատրպէյճանի` այդ կրնայ ենթադրել համարկում, Գրիգորեան ընդգծած է, որ եթէ կը կանխորոշուի վերջնարդիւնքը, ապա այդ բանակցութիւնները դժուար յառաջ պիտի երթան, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղն ալ կրնայ յայտարարել իր ակնկալիքներու վերջնարդիւնքներուն մասին:

«Դրա համար որպէսզի բանակցութիւնները տեղի ունենան, պէտք է հնարաւորութիւն ստեղծել քննարկումների մասին, եւ պէտք է մնալ պայմանաւորուածութիւնների շրջանակում, որովհետեւ մենք պայմանաւորուել ենք քննարկելու անվտանգութիւն եւ իրաւունքներ», եզրափակած է Գրիգորեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment