Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաչինի Միջանցքով Փոխադրուող Բեռերու Թափանցիկութեան Ապահովման Գաղափարը Օրինական Է, Բայց ԼՂ Հայերն Ալ Պէտք Է Անվտանգ Զգան. Թոյվօ Քլաար

Լաչինի Միջանցքով Փոխադրուող Բեռերու Թափանցիկութեան Ապահովման Գաղափարը Օրինական Է, Բայց ԼՂ Հայերն Ալ Պէտք Է Անվտանգ Զգան. Թոյվօ Քլաար

by MassisPost

https://civic.am/politics/international/57995-toyvo-klaar.html

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար իրաւաչափ համարած է թափանցիկութեան ապահովման գաղափարը այն ամէնուն, ինչ կը փոխադրուի Լաչինի միջանցքով: Բայց միաժամանակ, անոր կարծիքով, Լեռնային Ղարաբաղի հայերը պէտք է իրենց անվտանգ զգան:

APA-ի ատրպէյճանական պարբերականին տուած հարցազրոյցին մէջ Քլաար յայտնած է, որ ճանապարհով պէտք չէ տեղափոխել բեռեր, որոնք կը մեծցնեն լարուածութեան մակարդակը:

Միեւնոյն ժամանակ, այդ թափանցիկութեան հասնելու ուղիներն ու միջոցները քննարկումներու եւ բանակցութիւններու թեմա են:

Քլաարը անոր հետ մէկտեղ կը նշէ, որ թափանցիկութեան հասնելու քանի մը միջոց կայ: Անոնցմէ քանի մը հատը քննարկուած են նախապէս:

«…օրինակ` լրացուցիչ սարքաւորումներ տեղադրել անցակէտին վրայ, որպէսզի ռուսերը կարենան աւելի լաւ վերահսկել փոխադրումները այդ շրջանին մէջ:

Կրկին, կը կարծեմ, որ այդ ընելու քանի մը միջոց կայ, եւ ես կը կարծեմ, որ կարեւոր է մանրամասն քննարկել հարցը», յաւելած է Քլաար:

Անդրադառնալով Լաչինի միջանցքին եւ Ատրպէյճանի հիմնական հատուածը Նախիջեւանի հետ կապող Հայաստանով անցնող ճանապարհի երկու կողմերուն անցակէտ տեղադրելու գաղափարին` եւրոպացի դիւանագէտը ենթադրած է, որ Երեւանի մէջ այդ երկու հարցերը առանձին կը քննարկեն:

«Անոնցմէ մէկը Լաչինի միջանցքն է, որ արտացոլուած է 2020 թուականի Նոյեմբերին ընդունուած յայտարարութեան կէտերէն մէկուն մէջ, միեւնոյն ժամանակ կայ նաեւ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապի խնդիրը, որ արտացոլուած է 2020 թուականի Նոյեմբերին ընդունուած յայտարարութեան մէկ այլ կէտի մէջ: Այնպէս որ, յայտարարութեան մէջ անոնք յիշատակուած են տարբեր կէտերու մէջ, եւ մօտեցումը այլ է: Բայց, ի վերջոյ, այս հարցը բանակցութիւններու եւ քննարկումներու առարկայ է», ըսած է յատուկ ներկայացուցիչը:

Պրիւքսէլի դիրքորոշումը այն է, որ թափանցիկութեան առկայութիւնը իսկապէս օրինական է, բայց, միեւնոյն ժամանակ, Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն համար կարեւոր է, որ անոնք ունենան անվտանգ տեղաշարժի հնարաւորութեան զգացում: Իսկ այսօր ներկրուող բեռերու մասին ինչ փաստեր ալ ըլլան, անոնք հաստատ այն մակարդակի չեն, ինչ 2022 թուականի Նոյեմբերին, եւ ԵՄ-ն կը կարծէ, որ կողմերը պէտք է վերադառնան մինչ ճանապարհի շրջափակման իրավիճակին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment