Համաշխարհային առաջնորդները այս շաբաթ պիտի հաւաքուին Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովին: ՀՀ կառավարութեան լրատուականէն Civic.am-ին յայտնեցին, որ այս համաժողովին նախատեսուած է ինչպէս ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, այնպէս ալ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի մասնակցութիւնը:
Եռօրեայ տարեկան համաժողովին պիտի մասնակցին ԱՄՆ փոխնախագահ Քամիլա Հարիսը, Չինաստանի բարձրաստիճան դիւանագէտ Վան Ինը, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը եւ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկը:
Յիշեցնենք, որ Փետրուար 6-ին ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովի նախագահ Քրիսթոֆ Եոյսկենի հետ: Կողմերը անդրադարձած էին տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան շարք մը հարցերու:
Զրուցակիցները քննարկած էին նաեւ Միւնիխի Անվտանգութեան Համաժողովի ծիրին մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցեր: