Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սուրիա Գործուղուած Հայ Փրկարարները Կը Վերադառնան Հայրենիք

Սուրիա Գործուղուած Հայ Փրկարարները Կը Վերադառնան Հայրենիք

by MassisPost

Սուրիա գործուղուած  Հայաստանի փրկարարական ջոկատը աւարտած է իր առաքելութիւնը եւ կը վերադառնայ հայրենիք: Այս մասին յայտնած է Հալէպի մէջ Հայաստանի Գլխաւոր հիւպատոսութիւնը:

«Հալէպ ժամանած փրկարարական խումբը աւարտելով իր առաքելութիւնը վերադարձաւ հայրենիք», ըսուած է հիւպատոսութեան Ֆէյսպուքի էջի հրապարակման մէջ:

Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժէն յետոյ Հայաստանը 29 հոգիէ բաղկացած փրկարարական խումբ ուղարկած էր Սուրիա:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment