Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Իմ Տեղեկութեամբ` Խաղաղութեան Պայմանագրի Փաստաթուղթին Մէջ «Կառուցողական Անորոշութիւն» Ձեւակերպումը Մտցուած Է»․ Թաթուլ Յակոբեան

«Իմ Տեղեկութեամբ` Խաղաղութեան Պայմանագրի Փաստաթուղթին Մէջ «Կառուցողական Անորոշութիւն» Ձեւակերպումը Մտցուած Է»․ Թաթուլ Յակոբեան

by MassisPost

Խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ փաստաթուղթերուն մէջ նոր տարր մը մտցուած է, որ անգլերէնով կը կոչուի constructive ambiguity` կառուցողական անորոշութիւն, «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ լրագրող, «Անի» կեդրոնի ղեկավար Թաթուլ Յակոբեանը:

Լրագրողին խօսքով` սա յաճախ կ’օգտագործուի ծանրագոյն լուծումներու պարագային:

«Երբ որ թողնւում է կառուցողական անորոշութիւն, որ կողմերից իւրաքանչիւրն իր ձեւով է մեկնաբանում: Այսինքն` կողմերն ուզում են ինչ-որ բան ստորագրել, բայց մի կէտ, որն իրենց թոյլ չի տալիս, որ այդ կէտը ստորագրեն: Հիմա մի կէտ են մտցրել, այդ բանակցութիւնների մէջ, որ Պաքուն ասի` «այո՛, ըստ էութեան, Հայաստանը ճանաչում է Արցախը Ատրպէյճանի մաս», Հայաստանն էլ յայտարարի, որ «Արցախի կարգավիճակի հարցը մնում է դեռեւս առկախուած»: Իմ ունեցած տեղեկատուութեամբ, սա է եղել», ըսաւ Յակոբեան:

Յիշեցնելով ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի ռուս համանախագահ, հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման հարցով Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւի սեպտեմբերեան այցը Պաքու` Յակոբեանն ընդգծեց, որ դեռ այն ժամանակ այդ կէտը կար:

«Դա Արցախի կարգավիճակի հարցն անորոշ ապագային թողնելն է: Հիմա դա Ատրպէյճանի համար անընդունելի էր եւ դրանից անմիջապէս յետոյ տեղի ունեցաւ ատրպէյճանական երկօրեայ ներխուժումը Հայաստանի տարածք, եւ այս նոր ձեւակերպումն է մտցուել տեսնենք ինչ կը լինի: Յուսամ, որ սրա շուրջ կողմերը գոնէ կը կարողանան համաձայնութեան գալ», եզրափակեց լրագրողը:

Օրերս Պերլինի մէջ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանը արձագանգած է խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին վերաբերեալ հայկական կողմի առաջարկներուն` չյստակացնելով, թէ ինչ գրուած է Պաքուի փաստաթուղթին մէջ, արդեօք ատրպէյճանական արձագանգը ընդունելի է Հայաստանի համար, եւ Երեւանը ինչպէս անոնց պիտի պատասխանէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment