Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստան» Համայկական Հիմնադրամը Հրատապ Մարդասիրական Աջակցութիւն Կը Ցուցաբերէ Սուրիոյ Հայ Համայնքին

«Հայաստան» Համայկական Հիմնադրամը Հրատապ Մարդասիրական Աջակցութիւն Կը Ցուցաբերէ Սուրիոյ Հայ Համայնքին

by MassisPost

Հաշուի առնելով Փետրուար 6-ին տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժը, ինչ որ աւելի խորացուց Սուրիոյ մէջ արդէն տարիներէ շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամը, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը ֆինանսական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ գործող 15, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի հայ կրթական հաստատութիւններուն:

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ֆրանսայի Տեղական Մարմնիի` «Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամ»ին կողմէ տրամադրուած 100 հազար տոլարը պիտի ուղղուի այդ կրթական հաստատութիւններուն, ուր աշխատող շուրջ 1100 ուսուցիչները եւ տեխնիկական անձնակազմը պիտի ստանան ֆինանսական աջակցութիւն:  Երկրաշարժէն վնասուած են նաեւ համայնական կրթական եւ եկեղեցական կառոյցներ, այդ շարքին նաեւ Հալէպի մէջ գտնուող Քարէն Եփփէ ազգային  ճեմարանը, Կիլիկիան դպրոցը եւ Ազգային պատսպարանը, ուստի յատկացուած ֆինանսական աջակցութեան մէկ մասը պիտի ուղղուի այդ հաստատութիւններու վերանորոգման:

Այս հրատապ մարդասիրական ծրագիրը կ’իրականացուի Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ գործող  եկեղեցական եւ համայնքային այլ կառոյցներու ներգրաւուածութեամբ:

Նշենք, որ սիրիահայութեան նախորդ  օժանդակութեան ծրագիրը իրականացուած էր 2020 թուականին, երբ Քովիտի համավարակով պայմանաւորուած Սուրիոյ մէջ աւելի բարդացաւ   առողջապահական եւ ընկերատնտեսական իրավիճակը: Հիմնադրամը 70 հազար տոլար տրամադրեց  Սուրիոյ մէջ գործող շարք մը հայկական կրթօճախներու, ինչպէս նաեւ Քովիտի հիւանդութեամբ Սուրիոյ մէջ բուժում ստացող սուրիահայութեան:

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ երկրաշարժէն տուժածներուն եւ հաւատարիմ մնալով իր համահայկական առաքելութեան, ամուր կանգնած է սուրիահայութեան կողքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment