Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանէն Օգնութիւն Կ’ակնկալենք. Յարութիւն Սելիմեան

Հայաստանէն Օգնութիւն Կ’ակնկալենք. Յարութիւն Սելիմեան

by MassisPost

Սուրիոյ մէջ 3-րդ ուժգին ցնցումը արձանագրուեցաւ` 6,4 աստիճան ուժգնութեամբ, ժողովուրդը դուրսն է` խուճապի մէջ է: Այս մասին Civic.am-ի հետ հեռախօսազրոյցին ըսաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի ղեկավար Յարութիւն Սելիմեանը:

Անոր խօսքով` դուրսը կանգնած ժողովուրդը հնարաւորինս տեղաւորած են Աւետարանական եկեղեցիներու բակերուն մէջ` ապահոված են ծածկոցներով, տաք ըմպելիքով:

Յարութիւն Սելիմեանը նշեց, որ մարդիկ կը սպասեն, որ 48 ժամը անցնի, որպէսզի կարենան իրենց տուն վերադառնալ: Ան կը կարծէ, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմի ժամանակ հրթիռային հարուածներէն շէնքերուն հիմքերը թուլցած են, եւ հիմա` երկրաշարժի ժամանակ, Սուրիոյ մէջ մեծ աւերածութիւններուն պատճառը այդ է:

Յարութիւն Սելիմեան յաւելեց, որ Սուրիոյ մէջ զոհերուն թիւը մօտ 650 է, իսկ վիրաւորներուն թիւը` մօտ 1200, Հալէպի մէջ աւերուած շէնքերուն թիւը 120 է, այդ շարքին հայկական եկեղեցիներն ու դպրոցները վնասուած են:

Անոր խօսքով` ազգութեամբ հայերու մէջ 4 զոհ կայ, վիրաւորներուն մէջ եւս կան հայեր, սակայն թիւը տակաւին ճշդուած չէ:

Սելիմեան ընդգծեց, որ Հալէպի մէջ բաւական սարք չկայ, մազութ ալ չկայ, որ մեծ սարք աշխատեցնեն, եւ մարդիկը փլատակներուն տակէն դուրս բերելու համար հիմնականին մէջ փրկարարները կ’աշխատին:

Յարութիւն Սելիմեան նշեց, որ Հայաստանէն կ’ակնկալեն, որ Սուրիա փորձագէտներ ուղարկեն` փլատակներուն տակից մարդիկը հանելու համար. «նաեւ դեղորայքի կարիքը մեծ պիտի ըլլայ», ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment