Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Կայ Հասարակական Մեծ Պահանջ, Որպէսզի Բացայայտուին Պատերազմին Մեր Պարտութեան Պատճառ Դարձած Անձեր. Արգիշտի Քեարամեան

Կայ Հասարակական Մեծ Պահանջ, Որպէսզի Բացայայտուին Պատերազմին Մեր Պարտութեան Պատճառ Դարձած Անձեր. Արգիշտի Քեարամեան

by MassisPost

Հայաստանի Քննչական Կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեանը քննիչներուն հրահանգած է ուժերու գերլարումով աշխատիլ 2020 թուականի Արցախեան պատերազմին վերաբերող քրէական գործերուն քննութիւնը արագացնելու եւ հանրութեան ակնկալիքները բաւարարելու համար: Արգիշտի Քեարամեանը այդ մասին ըրած է Քննչական Կոմիտէի անձնակազմին ընդլայնուած նիստի ընթացքին ունեցած ելոյթին:

«Ձեր կատարած աշխատանքի արդիւնքում պէտք է վերջիվերջոյ բացայայտուեն այն հանգամանքները, որոնց հետեւանքով մենք պարտուել ենք: Եւ դա ոչ միայն մեզ համար է կարեւոր, ոչ միայն կառավարութեան համար է կարեւոր կամ պետութեան, դա կարեւոր է պատմութեան համար, դա կարեւոր է մեր ազգի, մեր ժողովրդի համար: Կայ հասարակական մեծ պահանջ, որպէսզի բացայայտուեն այն անձինք, ովքեր դարձել են պարտութեան պատճառ, որպէսզի բացայայտուեն այն հանգամանքները, որոնց հետեւանքով մենք պարտուել ենք», ըսած է Քեարամեանը:

Ան յաւելած է, որ,  չնայած գործերու բարդութեան, չնայած շատ մեծ քանակով ապացուցողական գործողութիւններ կատարելու անհրաժեշտութեան, պէտք է որոշակի ժամկէտային սահմանափակումներ դնեն այս գործերու քննութեան հանգամանքին մէջ. «Մենք պէտք է հասկանանք, որ ժամանակն անսահման չէ, եւ այն ակնկալիքները, որ հանրութիւնն ու Քննչական Կոմիտէն ունեն այս գործերի քննութեան ընթացքի վերաբերեալ, պէտք է կարճ ժամանակում բաւարարուեն: Այնպէս որ պէտք է ուժերի գերլարումով աշխատենք: Այն բոլոր դրուագները, որոնք արդէն աւարտական տեսք ունեն, պէտք է իրացուեն, բոլոր ուղղութիւնները, որոնք այս ընթացքում պարզաբանուել են, պէտք է իրացուեն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment