Home Uncategorized Երեւանի Մէջ Կայացած Է ՀՀ-ԵՄ Քաղաքական Եւ Անվտանգային Հարցերով Երկխօսութեան Առաջին Բարձրաստիճան Նիստը

Երեւանի Մէջ Կայացած Է ՀՀ-ԵՄ Քաղաքական Եւ Անվտանգային Հարցերով Երկխօսութեան Առաջին Բարձրաստիճան Նիստը

by MassisPost

Երեւանի մէջ կայացած է Հայաստան-Եւրոմիութիւն քաղաքական եւ անվտանգային հարցերով երկխօսութեան առաջին բարձրաստիճան նիստը, որ համանախագահած են ՀՀ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Վահէ Գէորգեանը եւ ԵՄ Արտաքին Գործողութիւններու Եւրոպական Ծառայութեան գլխաւոր քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Էնրիքէ Մօրան:

«Մէկօրեայ հանդիպումը կ’արտացոլէ երկու կողմերուն շահագրգռուածութիւնը` յառաջ մղելու քաղաքական երկխօսութիւնը եւ արտաքին ու անվտանգային քաղաքականութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը` որպէս ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններուն մէջ յաջորդ կարեւոր քայլ», ըսուած է տարածուած համատեղ հաղորդագրութեան մէջ:

Կողմերը անդրադարձ կատարած են Հայաստանի, Եւրոպական Միութեան եւ աւելի լայն տարածաշրջանի համար առկայ առանցքային անվտանգային հարցերուն, մասնաւորապէս եւրոպական անվտանգութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչուող հարցերուն, այդ շարքին` Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժի արգելափակման հետ կապուած աճող մարդասիրական մտահոգութիւններուն, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Վահէ Գէորգեան նշած է. «Հայաստանն ուրախ է հիւրընկալելու ՀՀ-ԵՄ քաղաքական եւ անվտանգային հարցերով երկխօսութեան առաջին նիստը, որը կարեւոր ձեւաչափ է միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեանն առնչուող հարցերի լայն շրջանակի քննարկման համար: Հայաստանի միջազգային սահմանների մշտադիտարկման գործում Հայաստանն ակնկալում է Հայաստանում ԵՄ առաքելութեան հետ ամուր համագործակցութիւն: Հայաստանն արժեւորում է բոլոր միջնորդական եւ խթանման գործողութիւնները` ուղղուած խաղաղութեան ու անվտանգութեան հաստատմանը, ինչն էական է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, Լեռնային Ղարաբաղում հայ բնակչութեան իրաւունքների եւ անվտանգութեան ապահովման համար»:

Էնրիքէ Մօրան յայտնած է. «ԵՄ-ն ամենաբարձր մակարդակով նշանակալի ջանքեր կը գործադրէ` նպաստելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու համապարփակ կարգաւորման: Ընդամէնը օրեր առաջ մենք հաստատած ենք ԵՄ քաղաքացիական առաքելութիւն Հայաստանի մէջ, որուն նպատակը կայունութեան ամրապնդման, մարդկային անվտանգութեան եւ վստահութեան ձեւաւորման նպաստելն է: ՀՀ-ԵՄ քաղաքական եւ անվտանգային հարցերով երկխօսութեան առաջին նիստը կ’արտայայտէ արտաքին ու անվտանգային քաղաքականութեան հարցերով համագործակցութիւնը ընդլայնելու մեր փոխադարձ հետաքրքրութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը աշխատելու միասին` ի շահ խաղաղութեան, անվտանգութեան ու կայունութեան, յատկապէս ներկայիս` մարտահրաւէրներով լի միջազգային շրջանակին մէջ, որ կը բնորոշուի Ուքրանիոյ նկատմամբ Ռուսիոյ պատերազմով»:

Հանդիպման ընթացքին Հայաստանը եւ Եւրոպական Միութիւնը հաստատած են յանձնառութիւնը` աշխատելու յանուն անվտանգ, կայուն, խաղաղ եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի` ի շահ տարածաշրջանին մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդներուն: Այս ծիրին մէջ կողմերը քննարկած են ԵՄ Արտաքին Յարաբերութիւններու Խորհուրդին կողմէ հաստատուած քաղաքացիական առաքելութեան յառաջիկայ տեղակայումը: Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութիւնը իր գործունէութեան եւ ԵՄ ղեկավարութեան ներկայացուելիք զեկոյցներուն միջոցով պիտի նպաստէ նաեւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի առաջնորութեամբ իրականացուող ջանքերուն

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment