Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Կը Սպասենք Քաթարի Էմիրին Պատմական Այցելութիւնը. Ալէն Սիմոնեան

Հայաստանի Մէջ Կը Սպասենք Քաթարի Էմիրին Պատմական Այցելութիւնը. Ալէն Սիմոնեան

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ գտնուող ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը եւ պատուիրակութեան անդամ ՀՀ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեանը հանդիպած են Քաթարի Զարգացման Հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն Խալիֆա Պըն Ճասեմ Ալ Քուարին:

Ալէն Սիմոնեանը, անդրադառնալով Քաթարի հետ յարաբերութիւններու զարգացման Հայաստանի հետաքրքրուածութեան, թուարկած է Հայաստանի կողմէ ոլորտային շարք մը առաջնահերթութիւններ: Անոր խօսքով` համագործակցութեան մեծ հնարաւորութիւն կայ մշակոյթի, առողջապահութեան եւ կրթութեան ոլորտներուն մէջ, որոնք Քաթարի Զարգացման Հիմնադրամի գերակայ ռազմավարական ճիւղերն են:

Անդրադառնալով գիտակրթական, մշակոյթի ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան հեռանկարին` ՀՀ ԱԺ նախագահը յիշատակած է Մատենադարանին մէջ պահուող արաբատառ բազմահազար ձեռագրերն ու գիրքերը` առաջարկելով համատեղ գիտահետազօտական աշխատանքներ եւ փոխադարձ ցուցադրութիւններ կազմակերպել:

Հիմնադրամին տնօրէնը նշած է, որ իրենք իւրաքանչիւր ոլորտին մէջ կը կարեւորեն մարդկային աղբիւրը, ինչի հիմքով ալ պիտի կազմուին յառաջիկայ հնարաւոր համագործակցութեան նախագիծերը եւ պիտի քննարկուին Հայաստանի համապատասխան ոլորտներու պատասխանատուներուն հետ:

«Հայաստանում սպասում ենք Քաթարի Պետութեան էմիր, Նորին մեծութիւն շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանիի պատմական այցելութեանը: Ցանկալի կը լինի այցից առաջ որոշակի առարկայական ծրագրեր մշակել», եզրափակած է Ալէն Սիմոնեան:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարը ներկայացուցած է առողջապահութեան ոլորտին մէջ հնարաւոր ներդրումներուն նպաստող կարեւոր օղակներու վերաբերեալ հակիրճ տեղեկութիւններ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment