Հարկ վճարողներու կողմէ 2022 թուականի Դեկտեմբեր ամսուան համար ներկայացուած եկամտային հարկի եւ ընկերային վճարի ամսուան տուեալներով` եկամուտ ստացող աշխատատեղիներու թուաքանակը կազմած է 704 հազար 420, որ գերազանցած է նախորդ տարուան նոյն ամսուան ցուցանիշը` 44․949-ով կամ 6.8%-ով: Այս մասին կը յայտնեն Պետական Եկամուտներու Կոմիտէէն:
Միաժամանակ, Կոմիտէն կը յայտնէ, որ հարկ վճարողներու կողմէ դուրս գրուած հաշուարկային փաստաթուղթերու (այդ շարքին` ՀՏՄ կտրօններու) տուեալներով` 2023 թուականի Յունուար 1-էն մինչեւ Յունուար 20 ինկած ժամանակահատուածին իրականացուած է 26,7 միլիոն գործարք` 524,7 միլիառ դրամ արժէքով, որ կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը` քանակային 2,5 միլիոն գործարքով կամ 10.6%-ով, իսկ արժէքային` 133,7 միլիառ դրամով կամ 34.2%-ով: