Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Պապիկեանը Որեւիցէ Ձեւով Այս Ամէնուն Հետ Չի Կրնար Կապ Ունենալ. Ան Համաձայնութիւն Տուած Է Բանակը Վերցնելու Եւ Սկսելու Բարեփոխումներ»․ Ալէն Սիմոնեան

«Պապիկեանը Որեւիցէ Ձեւով Այս Ամէնուն Հետ Չի Կրնար Կապ Ունենալ. Ան Համաձայնութիւն Տուած Է Բանակը Վերցնելու Եւ Սկսելու Բարեփոխումներ»․ Ալէն Սիմոնեան

by MassisPost

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին անդրադարձաւ Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղի զօրամասին մէջ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքին: «Թող քննութիւնը գնայ, վստահեցնում եմ ձեզ, որ բոլոր մեղաւորները նաեւ քրէաիրաւական պատասխանատուութիւն կը կրեն», ըսաւ ան:

Հարցին, թէ նաեւ պաշտպանութեան նախարարը պաշտօնանկ կ’ըլլա՞յ, Ալէն Սիմոնեանը պատասխանեց, որ մարդիկ որոնք պատասխանատու են անվտանգութեան համար, պիտի պատժուին: Ինչ կը վերաբերի քաղաքական պատասխանատուութեան, քաղաքական ղեկավարութիւնը իր կողմէ աշխատանքը կատարած է եւ պիտի շարունակէ ընել: Ըստ անոր` դժբախտ պատահարը սարքել քաղաքական շահարկման թեմա եւ այդ փորձել մտցնել քաղաքական օրակարգ, անթոյլատրելի է:

«Պաշտպանութեան նախարարը որեւիցէ ձեւով այս ամէնի հետ չի կարող կապ ունենալ, որովհետեւ իր գործառոյթի մասով իր աշխատանքն ամբողջովին արել է: Եւ այդ քաղաքական սակարկումները նախարարի վերաբերեալ շատ սին ու անտեղի եմ համարում, որովհետեւ այն բարեփոխումները, որոնք պարոն Պապիկեանն է իրականացնում, նաեւ այն պատասխանատուութիւնը, որն ինքը վերցրել է, լինելով փոխվարչապետ, պատերազմից յետոյ այդ վիճակում նա համաձայնութիւն է տուել բանակը վերցնել ու սկսել բարեփոխումներ»:

Հարցին, թէ ի՞նչ բարեփոխումներու մասին է խօսքը, Ալէն Սիմոնեանը պատասխանեց․ «Բարեփոխումներն սկսած անձնակազմի փոփոխութիւնից, վերջացրած կահաւորումով, որը բոլոր տեղերում փոխուել է ու փոխւում է: Նաեւ դրսից տարբեր որակի ու բարձր մակարդակի կահաւորումներ ենք ներմուծել Հայաստան»:

Լրագրողները նաեւ հարցում հնչեցուցին այն մասին, որ պաշտօնեաներու ճոխ ծախսերու գումարներով հնարաւոր էր կահաւորել առաջնագիծը: «Հայաստանի Հանրապետութիւնը բանակի վրայ ծախսելու գումարի որեւիցէ խնդիր չունի: Եւ 2018 թուականից սկսած որեւիցէ դէպք չի եղել եւ չկայ, որ գումարի պատճառով մենք որեւիցէ գնում չենք կատարել», յաւելեց Ալէն Սիմոնեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment