Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ ՄԻՊ-ը Հրաժարականի Դիմում Ներկայացուցած Է Ազգային Ժողով

ՀՀ ՄԻՊ-ը Հրաժարականի Դիմում Ներկայացուցած Է Ազգային Ժողով

by MassisPost

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Քրիսթինէ Գրիգորեան հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է Ազգային Ժողով, խորհրդարանի լրատուականէն «Ազատութեան» յայտնեցին, որ դիմումը ստացած են:

ՄԻՊ աշխատակազմը կը յայտնէ, որ Պաշտպանը հրաժարական ներկայացուցած է այլ աշխատանքի անցնելու առնչութեամբ` նշելով, որ «պատշաճ պահին Գրիգորեան հանրութիւնը պիտի տեղեկացնէ այլ աշխատանքի մասին տեղեկութիւնը, իսկ մինչ այդ ձեռնպահ կը մնայ այս թեմայով որեւէ մեկնաբանութենէ»:

Պաշտպանին լիազօրութիւնները կը դադրին վերջինիս կողմէ հրաժարականի դիմումը ներկայացնելէ ոչ ուշ, քան մէկ շաբթուան ընթացքին կրկին հրաժարականի դիմում ներկայացուելու պարագային:

Քրիսթինէ Գրիգորեանը ՄԻՊ պաշտօնը զբաղեցուց ուղիղ մէկ տարի: Անոր թեկնածութիւնը իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը առաջադրած էր: Իշխանականները կը համարէին, որ Գրիգորեանը արհեստավարժ է եւ կը համապատասխանէ այդ պաշտօնին: Մինչդեռ ընդդիմադիրները կը քննադատէին Գրիգորեանը` համարելով, որ ան պիտի դառնայ իշխանութեան պաշտպանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment