Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ն Նոր Քաղաքացիական Առաքելութիւն Կ’ուղարկէ Հայ-Ատրպէյճանական Սահման` 2 Տարի Ժամկէտով

ԵՄ-ն Նոր Քաղաքացիական Առաքելութիւն Կ’ուղարկէ Հայ-Ատրպէյճանական Սահման` 2 Տարի Ժամկէտով

by MassisPost

Եւրոպական Խորհուրդը համաձայնութիւն ձեռք բերած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութիւն ստեղծելու մասին` Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ընդհանուր քաղաքականութեան ծիրին մէջ: Առաքելութեան նպատակն է նպաստել Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կայունութեան, այնտեղ վստահութիւն ձեւաւորել եւ ապահովել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերուն նպաստող միջավայր, ինչին կ’աջակցի Եւրոմիութիւնը: «Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ԵՄ Խորհուրդը:

«Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութեան ստեղծումը Հարաւային Կովկասի մէջ ԵՄ ներգրաւուածութեան նոր փուլ կը սկսի: ԵՄ-ն պիտի շարունակէ աջակցիլ ապամագլցողութեան ջանքերուն եւ յանձնառու է սերտօրէն համագործակցելու երկու կողմերուն հետ` տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան վերջնական նպատակին հասնելու համար», ըսած է Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլը:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ի պատասխան Հայաստանի խնդրանքին` Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութիւնը կանոնաւոր պարեկութիւն պիտի իրականացնէ եւ պիտի զեկուցէ իրավիճակին մասին, որուն շնորհիւ ԵՄ-ն աւելի հիմնաւոր պատկերացում պիտի ունենայ այնտեղ իրավիճակին մասին: Առաքելութիւնը նաեւ պիտի նպաստէ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի գլխաւորած գործընթացի ծիրին մէջ միջնորդական ջանքերուն:

Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութիւնը նախնական մանտաթ պիտի ունենայ երկու տարի ժամկէտով: Առաքելութեան գործնական շտաբը պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ:

«Մենք ջերմօրէն կ’ողջունենք Հայաստան լիարժէք քաղաքացիական առաքելութիւն ուղարկելու ԵՄ որոշումը: Մենք մեր պատրաստակամութիւնը կը յայտնենք համագործակցելու առաքելութեան հետ եւ աջակցելու անոր գործունէութեան: Այս առաքելութիւնը պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման», այս մասին իր թուիթըրեան էջոխ գրած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment