Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արարատ Միրզոյեան ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր Քարտուղարին Ներկայացուցած Է Ատրպէյճանի Կողմէ Լաչինի Միջանցքը Արգելափակելու Հետեւանքները

Արարատ Միրզոյեան ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր Քարտուղարին Ներկայացուցած Է Ատրպէյճանի Կողմէ Լաչինի Միջանցքը Արգելափակելու Հետեւանքները

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը Յունուար 23-ին հանդիպած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջանային եւ միջազգային ավտանգութեան հարցերու շուրջ:

ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը, ատրպէյճանական իշխանութիւններու` Լեռնային Ղարաբաղը ցեղային զտման ենթարկելու շարունակական քաղաքականութեան հետեւանքները: Այս ծիրին մէջ ընդգծուած է միջազգային հանրութեան յստակ գործողութիւններու կարեւորութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի անմարդկային պաշարումը վերացնելու եւ Ատրպէյճանը բանակցութիւններու սեղան վերադարձնելու նպատակով:

Արարատ Միրզոյեանը Ենս Սթոլթենպերկին նաեւ ներկայացուցած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ առկայ զարգացումները:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են ՀՀ-ՆԱԹՕ քաղաքական երկխօսութեան մակարդակին առնչութեամբ, անդրադարձ կատարած են համագործակցութեան ներկայ ծրագիրներուն եւ ապագայ հեռանկարներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment