Պաքուէն կը հաստատեն, որ Ատրպէյճանը անցեալ շաբաթ Արցախի իշխանութիւններուն առաջարկութիւններու փաթեթ ներկայացուցած է, որոնք, սակայն, ընդունելի չեն եղած Ստեփանակերտի համար: Այդ մասին «Ազատութեան» ատրպէյճանական ծառայութեան ըսած է փորձագէտ Ֆարիտ Շաֆիեւը, որ կը գլխաւորէ Ատրպէյճանի նախագահին հրամանագրով Պաքուի մէջ հիմնադրուած Միջազգային Յարաբերութիւններու Վելուծութեան Կեդրոնը:
Ըստ Շաֆիեւի, Պաքուն պահանջած է, որ Արցախի մէջ հանքերի շահագործումը դադրեցուի, եւ վերահսկողութեան մեխանիզմ ստեղծուի Լաչինի միջանցքով բեռներու փոխադրման համար:
«Մենք ապացոյցներ ունինք, որ ականներ տեղափոխուած են մեր տարածք, եւ Լաչինի ճանապարհը օգտագործուած է ոչ-մարդասիրական նպատակներով: Նախ եւ առաջ խօսքը հայ զինուորներու մասին է, որոնք երբեմն կ’երթեւեկեն քաղաքացիական հագուստներով, քաղաքացիական մեքենաներով ու ռազմամթերք կը տեղափոխեն: Արեւմտեան երկիրները յաճախ մեզի կ’ըսեն, թէ մենք պարտաւորութիւններ ունինք: Այո՛, ունինք, բայց միւս կողմէ ալ այդ ճանապարհը պէտք է ըստ նշանակութեան օգտագործուի», ըսած է ան: