Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հոգեհանգիստ, Մոմավառութիւն Եւ Ոգեկոչում Ողբացեալ Սարգիս Հացպանեանի 5րդ Տարելիքցին Առթիւ

Հոգեհանգիստ, Մոմավառութիւն Եւ Ոգեկոչում Ողբացեալ Սարգիս Հացպանեանի 5րդ Տարելիքցին Առթիւ

by MassisPost

Կիրակի, Յունուար 15, 2023ին, Պոլսահայ Միութեան «Հրանդ Տինք դասախօսական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ մը, հանգուցեալ Սարգիս Հացպանեանի մահուան 5րդ տարելիցին առթիւ:

Բացման խօսքը կատարեց Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ եւ Հոգաբարձու՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեան, որ ներկաները ողջունելէ ետք, հրաւիրեց բոլորը յոտնկայս վայրկեան մը յարգանքի տուրք մատուցանելու հանգուցեալին հոգւոյն եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու: Կատարուեցաւ մոմավառութիւն եւ երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը Միութեան նախկին ատենապետ՝ Սիմոն Աճըիլաչի, Տոքթ. Աւետիքեանի եւ Բրշ. Սրկ. Եղիա Քէօսէի կողմէ, որմէ ետք Տոքթ. Աւետիքեան շեշտեց թէ Իսկական հերոսները անոնք են, որոնք ոչ անուն ունին, ոչ ալ փայլք: Անոնք աշխարհին կը նային վերեւէն եւ հետաքրքիր չեն դէպի փառքը, իշխանութիւնը, հռչակը… Այդ հերոսներէն մին էր Սարգիս Հացպանեանը որ ծայրայեղ քաջութեան, նուիրուածութեան ու անվախութեան ազնիւ յատկութիւններով օժտուած անհատ մըն էր:

Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց Միութեան բոլոր անդամներուն իրենց աջակցութեան համար:

Ատենապետը ամպիոն հրաւիրեց Հայրենիք Միութեան Վարչութեան ատենապետ՝ Յակոբ Ալեքսանեանը իր սրտի խօսքը փոխանցելու:

Պրն. Ալեքսանեան դրուատիքով խօսեցաւ հանգուցեալին հետ իր ունեցած յիշատակներուն մասին եւ յայտնեց Մարտակերտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած վերանորոգուած մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի վերաբացման հանդիսաւոր արարողութեան մասին որ կրեց արցախեան ազատամարտի մասնակից Սարգիս Հացպանեանի անունը: Պրն. Ալեքսանեան ընդգծեց նաեւ թէ, Հացպանեան եղած է «Հայրենիք» միութեան գործադիր մարմնի ներկայացուցիչը և կանգնած է անոր ստեղծման ակունքներուն մօտ: Նաեւ, Ալեքսանեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ալեքսանտր Թամանեանի, Վարուժան Գարեանի եւ Գերշ. Սեպուհ Սրբազան Չուլճեանի մասին: Ցուցադրեց նաեւ տեսերիզ մը ուր ներկաները տեղեկացան թէ Արցախի Կուսապատ գիւղին մէջ Միութիւնը կառուցեց աւագ դպրոց, որ կոչուեցաւ Հայրենիք Միութեան հիմնադիր՝ Վարուժան Գարեանի անունով:

Խօսք առաւ նաեւ Պոլսահայ եւ Հայրենիք Միութեանց անդամ՝ Պրն. Բարունակ Չէլիք եւ իր կարգին թուեց կարգ մը յիշատակելի դէպքեր Հացպանեանի հետ:

Նաեւ խօսք առաւ Պրն. Թորոս Լեւոնի եւ յիշեց հանգուցեալին հետ ունեցած կարգ մը յիշատակները:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ խմբային լուսանկարչական պահ ապա պատշաճ հիւրասիրութիւն ուր ներկաները իրար հետ ունեցան մտերմիկ զրոյցի պահեր:

Միջոցառումը աւարտեցաւ, եւ բոլորին հոգիներուն մէջ Սարգիս Գէորգի Հացպանեան, ներկայացաւ որպէս հերոս, իբրեւ թէ անոր կեանքը բնաւ վերջ չէր գտած: Հերոս՝ որ դարձեր էր անմահ, իր մեծութեան պատճառով: Ահա թէ ինչպէս ան յաւերժ պիտի ապրի մեր սրտերուն մէջ, եւ ահա թէ ինչպէս մենք պէտք է յարգանքի տուրք մատուցանենք անոր յիշատակին, որպէսզի ապագայ սերունդները երբեք չմոռնան զայն:

Նշենք թէ ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսերիզը որուն մէջ կը ներկայացուէր Միութեան Գործադիր Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Մուրատ Քէօշքէրի Լիոն մեկնումը անձամբ պարգեւատրելու Սարգիս Գէորգի Հացպանեանը՝ Հրանդ Տինքի Ազատութեան եւ Արդարութեան մետալով, տրուած ըլլալով որ պարգեւատրեալը ծանր հիւանդ էր եւ չէր կրնար Միացեալ Նահանգներ ճամբորդել:

ԳՐԻ ԱՌԱՒ՝ ՄԱՐԻԷԹ ՕՀԱՆԷՍ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment