Home ՍՓԻՒՌՔ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ.ի Պատմական Այցը Երուսաղէմ

Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ.ի Պատմական Այցը Երուսաղէմ

by MassisPost

Կոստանդնուպոլսոյ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը ձեռնարկեց իր գահակալութեան շրջանի դէպի Ս. Երուսաղէմ անդրանիկ պաշտօնական այցելութեան։ Նորին Ամենապատուութեան սոյն այցելութիւնը համընկնեցաւ Հին Տոմարով Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութեան օրերուն։

Նոյն առթիւ Սուրբ Երուսաղէմ կ՚այցելեն նաեւ Ստանպուլէն, Հայաստանէն եւ արտասահմանէն բազմաթիւ ուխտաւորներ։

Հոգեւոր Պետը, 17 Յունուար 2023, Երեքշաբթի առաւօտ Ստանպուլի Օդակայանէն մեկնեցաւ Սուրբ Երուսաղէմ, ուղեկցութեամբ՝ գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։

Սոյն այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան շքախումբի մաս կը կազմեն Պատրիարքարանի Հրատարակութեան Բաժնի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Երէց՝ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Քահանայից Դասէն՝ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, եւ Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը Թէլ Ավիվի Պէն Կուրիոն օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Երուսաղէմի Պատրիարքական Ս. Աթոռոյ Դիւանապետ՝ Հոգշ. Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեանի կողմէ։

Մուտք Երուսաղէմ

Ժամը 13.30-ին Երուսաղէմի պատմական Եաֆայի դրան առջեւ հաւաքուած էր հոգեւորականներու, ուխտաւորներու եւ ժողովուրդի մեծ բազմութիւն մը։ Թափորին կը գլխաւորէր Ս. Աթոռոյ Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Սեւան Արքեպս. Ղարիպեան։

Սոյն դիմաւորման հանդիսութեան մասնակցեցան նաեւ Ս. Երկրի յարանուանութեանց ներկայացուցիչները՝ Ասորի եպիսկոպոսը, Ղպտի Եկեղեցւոյ միաբաններ, Լատին եկեղեցւոյ Կիւսթոտը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի մօտ Հայաստանի Հանրապեութեան Լիազօր Դեսպանը։ Հանդիսութեան կը մասնակցէր նաեւ Ս. Երկրի Հայ սկաուտներու խումբը։

Եաֆայի դրան առջեւ Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան։ Հոգեւորականներու թափօրը, սկաուտներու նուագի եւ ժողովուրդի ծափողջոյններով մեր Հոգեւոր Պետը առաջնորդեց Հայոց Վանք, ուր սկսաւ Հրաշափառի արարողութիւնը։

Հրաշափառ

 Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարի մուտքին երեք սարկաւագներ խունկով ընդառաջ ելան Նորին Ամենապատուութեան եւ սկսաւ հոգեւորականաց դասու եւ դպիրներու երգեցողութիւնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիսաւորապէս մուտք գործեց Մայր Տաճար, ուր կանոնական ուխտի աղօթք կատարեց Ս. Գլխադրի Մատրան մէջ։

Ապա դասի մէջ կատարուեցաւ կանոնական աղօթասացութիւն։

Աւարտին՝ Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը բարի գալստեան ուղերձ արտասանեց, որու ընթացքին իր գոհունակութիւնը յայտնեց այն պարագային համար, որ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը ուխտի կու գար Երուսաղէմ եւ Ս. Ծննդեան այս օրերուն կը զօրակցէր Ս. Աթոռի զինուորեալ միաբանութեան։

Ի պատասխան սոյն ուղերձին՝ Նորին Ամենապատուութիւնը եւս իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ ըսաւ թէ ուրախ է Երուսաղէմ ըլլալով։ Յայտնեց թէ Երուսաղէմը իրեն համար մասնաւոր իմաստ ունի, քանի երեք տարի որպէս միաբան ապրած ու ծառայած է այստեղ։ Նոյն պատճառաւ դիտել տուաւ, որ Ս. Յակոբեանց Մայր տաճարին կամարներուն ներքեւ ինք զինք իր տան մէջ կը զգայ։

Մեր Հոգեւոր Պետը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հօր, որու տնօրինութեամբ իրականացաւ սոյն փառաւոր դիմաւորման հանդիսութիւնը։ Պատրիարք Հայրը շեշտեց, որ այս փառքը մեր Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին փառքն է, քանի Ս. Քաղաքին մէջ Հայ Եկեղեցին համահաւասար իրաւունքներ ունի միւս մեծ եկեղեցիներու նման։ Աշխարհի վրայ քիչեր գիտեն, թէ այստեղ կայ զինուորեալ միաբանութիւն մը, որուն իւրաքանչիւր անդամը իր կեանքը նուիրաբերած է Քրիստոսակոխ վայրերէ ներս մեր Եկեղեցւոյ դարաւոր իրաւունքներու պահպանման։ Մեր Հոգեւոր Պետը իր սէրն ու անկեղծ համակրանքը յայտնեց Ս. Աթոռի միաբանութեան ու Սաղիմահայ համայնքին։

Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի Պատրիարքներու Հանդիպումը

 Հրաշափառի արարողութենէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութիւնը շարականներու երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարան, ուր դահլիճի մուտքին ողջագուրուեցաւ Ս. Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հօր հետ։

Այստեղ կարճ աղօթքէ եւ հիւրասիրութենէ յետոյ, երկու Աթոռներու գահակալները ընդունեցին հիւրերու, ուխտաւորներու եւ Սաղիմահայերու աջհամբոյրը։

Մեր Հոգեւոր Պետը սոյն այցելութեան որպէս յիշատակ Հայ Երուսաղէմի Պատրիարքին նուիրեց ապակեայ խեթական ոճով թանկագին սրուակ մը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment