Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵԽ-ի Ընդունած Բանաձեւին Մէջ Կոչ Կը Կատարուի Արցախի Մէջ ԵԱՀԿ Խաղաղապահներ Տեղակայելու Շուրջ Բանակցութիւններ Սկսելու

ԵԽ-ի Ընդունած Բանաձեւին Մէջ Կոչ Կը Կատարուի Արցախի Մէջ ԵԱՀԿ Խաղաղապահներ Տեղակայելու Շուրջ Բանակցութիւններ Սկսելու

by MassisPost

Եւրոխորհրդարանը Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման մարդասիրական հետեւանքներուն վերաբերեալ հետեւեալ համատեղ բանաձեւն ընդունած է:

Ա. Հաշուի առնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը` Լաչինի միջանցքը, 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն արգելափակուած է Ատրպէյճանի ինքնահռչակ բնապահպաններու կողմէ, հաշուի առնելով, որ այդ խաթարած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող 120.000 հայերու համար հիմնական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու, այդ շարքին` սնունդի, վառելանիւթի եւ դեղորայքի հասանելիութիւնը` փաստացի շրջափակման մէջ դնելով զանոնք,

Բ. հաշուի առնելով, որ շրջափակումը յանգեցուցած է ծանր մարդասիրական ճգնաժամի` էապէս ազդելով աւելի խոցելի բնակչութեան վրայ, հաշուի առնելով, որ ծանր հիւանդներու տեղափոխումը գրեթէ անհնար է, եւ այս իրավիճակին հետեւանքով 1 մարդ մահացած է, հաշուի առնելով, որ հարիւրաւոր ընտանիքներ կը մնան իրարմէ բաժնուած,

Գ. հաշուի առնելով, որ այս մարդասիրական ճգնաժամը աւելի խորացած է Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղ բնական կազի մատակարարման խափանման պատճառով, որուն հետեւանքով տուները, հիւանդանոցներն ու դպրոցները մնացած են առանց ջեռուցման,

Դ. հաշուի առնելով, որ պահպանելով Լաչինի միջանցքին շրջափակումը` Ատրպէյճանը կը խախտէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները, որոնց ստանձնած է զինադադարի մասին 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ, համաձայն որուն` Ատրպէյճանը պէտք է երաշխաւորէ միջանցքով երկու ուղղութիւններով մարդոց, փոխադրութեան միջոցներու եւ բեռներու տեղաշարժին անվտանգութիւնը,

Է. հաշուի առնելով, որ Լաչինի միջանցքին օգտագործման խոչընդոտները կը դանդղեցնեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը եւ կը խաթարեն միջազգային վստահութիւնը,

Եւրոպական յանձնաժողովը.

Կը ցաւի Լաչինի միջանցքի շրջափակման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ողբերգական մարդասիրական հետեւանքներուն համար:

Կը յորդորէ Ատրպէյճանին յարգել եւ կեանքի կոչել 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը եւ անյապաղ վերաբանալ Լաչինի միջանցքը` ազատ տեղաշարժի հնարաւորութիւն տալով եւ ապահովելով հիմնական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու հասանելիութիւնը` այդպիսով երաշխաւորելով անվտանգութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ ապահովելով բնակիչներուն ապրուստի միջոցները:

Կ’ընդգծէ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագրի անհրաժեշտութիւնը, որ պէտք է երաշխաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, կոչ կ’ընէ Ատրպէյճանին՝ պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն իրաւունքները եւ զերծ մնալու իր հրահրիչ հռետորաբանութենէն, որ հայերու դէմ խտրական վերաբերմունքի կոչ կ’ընէ եւ կը յորդորէ հայերուն լքել Լեռնային Ղարաբաղը:

Կոչ կ’ընէ Ատրպէյճանին՝ ապագային զերծ մնալու Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ճանապարհային, ուժանիւթային կապերը եւ հաղորդակցութիւնը խաթարելէ:

Խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններն ու ՔՀԿ-ները քաւութեան նոխազ դարձնելը եւ կոչ կ’ընէ ԵՄ եւ անդամ պետութիւններու ներկայացուցչութիւններուն՝ աջակցելու անոնց աշխատանքին:

Կը դատապարտէ ռուս խաղաղապահներու անգործութիւնը, կը գտնէ որ ՄԱԿ-ի մանտաթի ներքոյ գործող ԵԱՀԿ միջազգային խաղաղապահներով անոնց փոխարինման շուրջ պէտք է հրատապ բանակցութիւններ վարուին:

Կոչ կ’ընէ միջազգային կազմակերպութիւններուն տրամադրելու անարգել մուտք դէպի Լեռնային Ղարաբաղ` իրավիճակը գնահատելու եւ անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւնը տրամադրելու համար:

Կոչ կ’ընէ ՄԱԿ-ի կամ ԵԱՀԿ փաստահաւաք առաքելութիւն կազմակերպելու դէպի Լաչինի միջանցք` այնտեղ մարդասիրական իրավիճակը գնահատելու համար:

Կոչ կ’ընէ առանց նախապայմաններու անյապաղ վերսկսելու բանակցութիւնները` հիմնուած Հելսինքիի եզրափակիչ ուխտի սկզբունքներուն վրայ:

Կոչ կ’ընէ ԵՄ-ին աշխուժօրէն ներգրաւուելու եւ ապահովելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները այլեւս պատանդ չպահուին Պաքուի աշխուժութեան, Ռուսիոյ ապակառուցողական դերին եւ Մինսքի Խումբի անգործութեան կողմէ:

Կը յանձնարարէ իր Նախագահին սոյն բանաձեւը փոխանցել Հայաստանին, Ատրպէյճանին եւ միջազգային կառոյցներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment