Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազատի Զօրամասի Կացարանին Մէջ Բռնկած Հրդեհէն Զոհուած Է 15 Զինուոր

Ազատի Զօրամասի Կացարանին Մէջ Բռնկած Հրդեհէն Զոհուած Է 15 Զինուոր

by MassisPost

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան «N» զօրամասի ճարտարապետական-սակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ Յունուար 19-ին բռնկած հրդեհի հետեւանքով զոհուած է 15 զինուոր, 3 զինուորի վիճակը կը գնահատուի ծանր:

Յունուար 19-ին` ժամը 01:30-ի սահմաններուն, հրդեհ բռնկած է Գեղարքունիքի մարզի Ազատ գիւղի տարածքին մէջ տեղակայուած ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան «N» զօրամասի ճարտարապետական-սակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ:

Կառավարութեան նիստին ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է 15 զինուորի մահուան պատճառ դարձած հրդեհի դէպքէն: Վարչապետը նախ նշած է, որ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 21-ին Զինուած Ուժերու Գլխաւոր Շտաբի պետը ստորագրած է կարգադրութիւն հետեւեալ վերնագրով` «Զինուած ուժերու զօրամասերուն մէջ տեղի ունեցած հրդեհներու եւ անոնց կանխարգիլման մասին», որուն մէջ յստակ հրահանգաւորած է, թէ ինչ պէտք է ընել հակահրդեհային կանոնները պահպանելու համար:

«7-րդ կէտում նշւում է` խստիւ արգելել վառարանների շահագործման համար որպէս կպչան պենզին, նեֆրազ եւ այլ տեսակի դիւրավառ հեղուկների օգտագործումը, դրանք պահպանել այլ հեղուկներից առանձին: Սա զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնեայի տուած հրամանն է, եւ այս հրամանի պարզ պահպանումը թոյլ կը տար չունենալ այս դէպքը», ընդգծեց Փաշինեան` յաւելելով, որ վառարանը վառելու համար յատուկ այրիչներ բաժանուած են, որպէսզի լրացուցիչ միջոցներու կարիք չըլլայ:

Վարչապետը յայտնեց, որ նախնական տուեալներով`  զօրամասի ճարտարապետական-սակրաւորային վաշտի կացարանին մէջ փորձ կատարուած է պենզինը օգտագործել վառարանը վառելու համար:

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան իր հերթին զեկուցեց, որ վարչապետի յանձնարարականին մասով ինչ աշխատանքներ իրականացուած են:

«Զբաղեցրած պաշտօններից ազատուել են 2-րդ բանակային զօրամասի շտաբի պետը, թիկունքի պետը, զօրամասի հրամանատարի տեղակալը մարտական հերթապահութեան գծով, «N» զօրամասի շտաբի պետ, հրամանատարի տեղակալ  թիկունքի գծով,  «N» զօրամասի ճարտարապետական ծառայութեան պետ, «N» զօրամասի ճարտարապետական-սակրաւորային վաշտի հրամանատար եւ զինուած ուժերի թիկունքի վարչութեան, հրդեհային անվտանգութեան ծառայութեան պետը», ըսաւ Պապիկեան:

Պաշտպանութեան նախարարին խօսքով` անոնց զբաղեցուցած պաշտօնները ինչ-որ կերպ կ’առնչուին դէպքին:

«Հետագայում քրէաիրաւական գնահատական պէտք է տրուի, ուստի նրանց հետագայ պաշտօնավարումը նպատակայարմար չէ», եզրափակեց Պապիկեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment