Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Ընդունած Է ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր Քարտուղարին Յատուկ Ներկայացուցիչը

Փաշինեան Ընդունած Է ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր Քարտուղարին Յատուկ Ներկայացուցիչը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիեր Գոլոմինա Փիրիսը: Կողմերը քննարկած են Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներին վերաբերող հարցեր:

Վարչապետը անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին: Նիկոլ Փաշինեան շեշտած է, որ Ատրպէյճանը իր սադրիչ քայլով հերթական անգամ կը խախտէ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը եւ կարեւորած է միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնն ու հասցէական արձագանգը տեղի ունեցողին:

ՆԱԹՕ-ի Գլխաւոր քարտուղարին յատուկ ներկայացուցիչը մտահոգութիւն յայտնած է Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ եւ կարեւորած է միջանցքի անխափան գործունէութեան ապահովումը: Խաւիեր Գոլոմինան յաւելած է, որ ՆԱԹՕ-ն շահագրգիռ է տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովմամբ եւ իր աջակցութիւնը կը յայտնէ այդ ուղղութեամբ միջազգային գործընկերներու կողմէ ներդրուող ջանքերուն:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment