Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Տիեզերքին Մէջ Հայկական Արբանեակի Կառավարման Կեդրոնը Եւ Ընդունիչ Կայանը Այս Տարի Պատրաստ Պիտի Ըլլան Գործարկման

Տիեզերքին Մէջ Հայկական Արբանեակի Կառավարման Կեդրոնը Եւ Ընդունիչ Կայանը Այս Տարի Պատրաստ Պիտի Ըլլան Գործարկման

by MassisPost

Տիեզերք ուղարկուած Հայաստանի արբանեակով կատարուած լուսանկարները կրնան կիրառուիլ գիւղատնտեսութեան, կենսոլորտի պահպանման, արտակարգ իրավիճակներու եւ շարք մը այլ ոլորտներու մէջ, նաեւ գիտական նպատակներով:

Այս մասին ըսաւ բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Ռոպերթ Խաչատրեանը:

«Արբանեակի բոլոր ենթահամակարգերն ու սարքերն, այդ շարքին` տեսողական եւ կապի, առանձին-առանձին յաջողութեամբ քննուած են, արդիւնքները դրական են: Քննութեան գործընթացները տեղի են ունենում ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի», նշեց նախարարը:

Արբանեակի` ուղեծիրին մէջ օգտագործման երաշխաւորուած ժամանակը նուազագոյնը 4 տարի է: Արբանեակի փաստացի աշխատանքին ժամկէտը կրնայ գերազանցել երաշխիքային ժամանակահատուածը: Աշխատանքները պիտի իրականացուին «Կէոքոսմոս» ընկերութեան աշխատակիցներուն կողմէ, որոնք համապատասխան վերապատրաստում պիտի անցնին:

««ARMSAT-1» արբանեակի կառավարման կեդրոնը եւ ընդունիչ կայանն այս տարի պատրաստ կը լինեն  գործարկման: Կառավարման կեդրոնը հնարաւորութիւն կը տայ արբանեակն ամբողջութեամբ կառավարել Հայաստանից` մեր մասնագէտների միջոցով», նշեց Խաչատրեան:

«ARMSAT-1»-ը ՀՀ առաջին տիեզերական արբանեակն է, որ 2022 թուականի Մայիս 25-ին` ժամը 22:35-ին, ԱՄՆ Գանաւերլ հրուանդանին մէջ գտնուող տիեզերակայանէն, Space-X ընկերութեան տիեզերանաւով Երկիր մոլորակի ուղեծիր դուրս բերուած է:

Մայիս 26-ին «ARMSAT-1»-ը առաջին անգամ կապ հաստատած է Երկրին հետ եւ ցոյց տուած է իր ենթահամակարգերու անուանական կարգավիճակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment