Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԱԱԾ-ն Նոյեմբերեան Դէպքերու Գործով Երկու Հոգի Կալանաւորսծ Է, Անոնցմէ Մէկը Կը Մեղադրուի Միրզոյեանը Ծեծի Ենթարկելու Համար

ԱԱԾ-ն Նոյեմբերեան Դէպքերու Գործով Երկու Հոգի Կալանաւորսծ Է, Անոնցմէ Մէկը Կը Մեղադրուի Միրզոյեանը Ծեծի Ենթարկելու Համար

by MassisPost

Իրաւապահները կը յայտնեն 44-օրեայ պատերազմին աւարտը ազդարարող փաստաթուղթի ստորագրման գիշերը այն ժամանակ Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը բռնութեան ենթարկելու, զանգուածային անկարգութիւններու եւ վարչապետի առանձնատունէն յափշտակութեան գործով նոր բացայայտումներու մասին: Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ) հաղորդեց, որ եւս երկու հոգի կալանաւորուած է: Անոնցմէ մէկը կը մեղադրուի Միրզոյեանը ծեծի ենթարկելու համար:

«Ա.Բ.-ի եւ զանգուածային անկարգութիւնների միւս մասնակիցների կողմից գործադրուած բռնութեան արդիւնքում Արարատ Միրզոյեանին պատճառուել են բազմաթիւ մարմնական վնասուածքներ, ինչի հետեւանքով վերջինս կորցրել է գիտակցութիւնը եւ տեղափոխուել էրեբունի բժշկական կեդրոն», կը հաղորդէ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը:

Այս գործը վերահսկող դատախազ Գորիկ Յովակիմեանն կ’ըսէ, որ մեղադրեալը խոստովանական ցուցմունք տուած է. «Նախ նա խախտել է բնակավայր հանդիսացող ՀՀ կառավարութեան կեցավայրի անձեռնմխելիութիւնը եւ դրանից յետոյ միացել այս զանգուածային անկարգութեան մասնակիցներին եւ որպէս զանգուածային անկարգութեան մասնակից` բռնութիւն է գործադրել Արարատ Միրզոյեանի նկատմամբ: Տեսագրութիւնում արդէն երեւում է գործադրելու հանգամանքը»:

Դատախազ Գորիկ Յովակիմեանի խօսքով` կալանաւորուած միւս քաղաքացին կը մեղադրուի միայն վարչապետի կնոջ` շուրջ 4 միլիոն դրամ արժողութեամբ ոսկեայ զարդերը յափշտակելու համար: Վերջինս գողօնը գրաւադրած էր:

«Այլ կերպ ասած` Տ.Պ.-ն խոստովանական ցուցմունք է տուել այն մասին, որ այո՛, մուտք է գործել կառավարութեան առանձնատուն, խօսքը վերաբերում է վարչապետի եւ նրա ընտանիքի բնակարան հանդիսացող վայր, եւ բացայայտ կատարել է յափշտակութիւն: Յստակ նշեմ` գողացուել է, յափշտակուել են ոսկեայ զարդար, ուղղակի մենք այս պահի դրութեամբ կարողացել ենք պարզել, բացայայտել գողացուած զարդեղէնի մի մասի ճակատագիրը», ըսաւ ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment