Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լաչինի Միջանցքին Շրջափակումը Նոր Խոչընդոտ Է Խաղաղութեան Գործընթացին Համար. Փաշինեան Չի Բացառեր, Որ Ատրպէյճանին Ուզածը Այդ Է

Լաչինի Միջանցքին Շրջափակումը Նոր Խոչընդոտ Է Խաղաղութեան Գործընթացին Համար. Փաշինեան Չի Բացառեր, Որ Ատրպէյճանին Ուզածը Այդ Է

by MassisPost

Լաչինի միջանցքին արգելափակումը եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնները ուղիղ կերպով կը խախտեն իր իսկ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները, միջանցքի շրջափակումն ու այդ յայտարարութիւնները նոր խոչընդոտներ կը ստեղծեն խաղաղութեան գործընթացին համար, սակայն ո՞վ կ’ըսէ, թէ այդ չէ Ատրպէյճանի հեռահար նպատակը:  Այս մասին յայտնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ազգային Ժողով-կառավարութիւն հարցուպատասխանին` անդրադառնալով ՔՊ խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Դանիէլեանի յիշեցման, որ Ատրպէյճանի նախագահը վերջին հարցազրոյցին մէջ կրկին տարածքային պահանջներ ներկայացուցած է ՀՀ նկատմամբ: Պատգամաւորը հետարքրքուեցաւ միջազգային կառոյցներու արձագանգով:

«Կարծում եմ, եւ նաեւ մեր միջազգային շփումները ցոյց են տալիս, որ միջազգային հանրութեան ընկալումն այս իրավիճակի նկատմամբ աւելանում, մեծանում է: Եւ ես կարծում եմ, որ ընդհանրապէս այդ յայտարարութիւնները որոշակի գրգռութեան բնոյթ ունեն, մագլցողութիւն ստեղծելու նպատակ ունեն: Այդ յայտարարութիւններին մեր ճիշդ արձագանգն է, որ պէտք է տարածաշրջանում կայունութեան որոշակի գործօն հանդիսանայ: Մենք, ըստ էութեան, շատ յստակ ենք յայտարարում, որ Փրակի պայմանաւորուածութիւնների հիման վրայ մենք պատրաստ ենք գնալ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման», ըսաւ Փաշինեան:

Վարչապետը ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնները առաջին հերթին կը հակասեն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն:

Միջազգային հանրութեան ընկալում ըսելով` վարչապետը նկատի ունի, որ մարդոց համար ակնյայտ կը դառնայ, որ նոյնինքն Լաչինի միջանցքին շրջափակումը եւ Ալիեւի այդ յայտարարութիւնները ուղիղ խախտում են Ատրպէյճանի կողմէ ստանձնուած միջազգային պարտաւորութիւններուն:

Իսկ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը կայուն պահելու լաւագոյն տարբերակը կը համարէ բանակցային եւ քաղաքական ճանապարհով լուծումներու երթալը: «Եւ, ինչպէս մենք ստանձնել ենք մեր պատրաստակամութիւնն ու պատասխանատուութիւնը, նոյնկերպ մենք պատրաստ ենք շարունակել: Ակնյայտ է եւ միջազգային հանրութիւնն էլ արձանագրում է, որ Լաչինի միջանցքի շրջափակումն ու Ատրպէյճանի յարձակողական յայտարարութիւնները նոր խոչընդոտներ են ստեղծում խաղաղութեան գործընթացի համար: Բայց հարց. Իսկ ո՞վ է ասել, որ հէնց դա չէ Ատրպէյճանի ուզածը, իսկ ո՞վ է ասել, որ հէնց դա չէ հեռահար նպատակը, որ հէնց այդ կարգի սադրիչ յայտարարութիւններով եւ մեր հնարաւոր հակազդեցութիւններն էլ օգտագործելով` ամբողջութեամբ վիժեցնել խաղաղութեան գործընթացը», ըսաւ վարչապետը` կարեւորելով հայկական կողմէ վերաբերմունքի մեթոտը չփոխելը:

Վարչապետը յաւելեց, որ հայկական կողմին արձագանգը այդ ամէնուն պէտք է ըլլայ համաչափ: Իսկ դա աշխոյժ միջազգային դիւանագիտութիւնն ու երկրին ներսը հաստատութենական կարողութիւններու, պետական հիմնարկներու աւելի հզօրացումը, կայացումը, բարեփոխումներու օրակարգէն չշեղիլը, խաղաղութեան օրակարգէն չշեղելն է: Փաշինեան կը կարծէ, որ այդ պէտք է ըլլայ հայկական կողմին արձագանգը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment