Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոմիութիւնը Մտադիր Է Մէկ Ամիսէն Դիտորդական Նոր Առաքելութիւն Ուղարկել Հայաստան Առնուազն Երկու Տարիով

Եւրոմիութիւնը Մտադիր Է Մէկ Ամիսէն Դիտորդական Նոր Առաքելութիւն Ուղարկել Հայաստան Առնուազն Երկու Տարիով

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը մտադիր է մէկ ամիսէն դիտորդական նոր առաքելութիւն ուղարկել Հայաստան, այս անգամ ոչ թէ երկու ամիսով, այլ`առնուազն երկու տարիով:

Ինչպէս կը հաղորդեն «Ազատութեան» աղբիւրները, դեռ անցեալ շաբաթ այս նախագիծը ընդունուած է Եւրոպական Խորհուրդի Քաղաքական ու Անվտանգութեան Յանձնաժողովին, երէկ ալ հաստատուած է դիտորդական առաքելութիւններով զբաղող հիմնական կառոյցին մէջ` Ճգնաժամերու Կառավարման Քաղաքացիական Հարցերու Յանձնախումբին մէջ: Ընդ որում, ի տարբերութիւն անցեալ Հոկտեմբերին ուղարկուած քառասուն հոգինոց խումբին, որ տեղակայուած էր հայ-ատրպէյճանական սահմանին, այս անգամ եւրոպացի դիտորդները պարեկութիւն պիտի ընեն Հայաստանի ամբողջ տարածքին: Նախորդ առաքելութեան նման, այս անգամ ալ անոնք անզէն պիտի ըլլան:

Թէ ճշգրիտ քանի դիտորդ պիտի ժամանէ, պաշտօնապէս դեռ չի հաղորդուիր: Ըստ «Ազատութեան» տեղեկութիւններուն, սակայն, նոր առաքելութեան կազմին մէջ պիտի ըլլայ մօտաւորապէս երկու հարիւր եւրոպացի մասնագէտ:

«Անոնց առաջնահերթութիւնն է նպաստել, որ Հայաստանի սահմանային գօտիներուն ու հակամարտութենէն տուժած շրջաններուն մէջ միջադէպերը նուազին, այդ տարածքներուն մէջ ապրողներուն համար վտանգները կրճատուին, եւ անով իսկ նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուին Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար», ըսուած է յանձնախումբի եզրակացութեան մէջ:

Կառոյցը առաջարկած է ԵՄ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան յառաջիկայ օրերուն մշակել գործողութիւններու յատուկ ծրագիր, որ պիտի յստակացնէ, թէ ինչ միջոցներով պիտի երաշխաւորուի առաքելութեան անվտանգութիւնը, ինչպէս պիտի գնահատուին վտանգները, ինչ պաշտպանիչ սարքաւորումներ պիտի տրամադրուին, եւ կամ անհրաժեշտութեան պարագային ինչպէս պիտի կազմակերպուի դիտորդներու տարհանումը:

Բացի անկէ, կ’առաջարկուի յստակացնել Հայաստանի իշխանութիւններէն սպասուող աջակցութիւնը: Պրիւքսէլը, մասնաւորապէս, կ’ակնկալէ, որ Երեւանը ստանձնէ ռուսական ստորաբաժանումներուն հետ եւրոպացիներու շփումներու կամ միջադէպերու կառավարման պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ անձեռնմխելիութիւն ու արտօնութիւն տայ դիտորդներուն:

Պաքուն, ի տարբերութիւն նախորդ երկամսեայ առաքելութեան, այս մէկուն հաւանութիւն չէ տուած: Աւելին, Ատրպէյճանի նախագահը օրեր առաջ քննադատած էր նախաձեռնութիւնը եւ պնդած, որ եւրոպացիները իրենց խաբած են:

«Մենք Փրակի մէջ քննարկած ու համաձայնած էինք, որ այդ առաքելութիւնը պիտի ըլլայ կարճաժամկէտ, քառասուն մարդէ բաղկացած եւ պիտի շարունակուի միայն երկու ամիս: Բայց յետոյ, ինչ֊ինչ պատճառներով այս համաձայնութիւնը խախտուեցաւ, ինչ որ, անշուշտ, խիստ հիասթափեցնող է: Որովհետեւ մենք լուրջ մարդիկ ենք, եւ եթէ պայմանաւորուած ենք, թէկուզ բանաւոր, պէտք է խօսքը պահել: Ի՞նչ կը նշանակէ երկարաձգել առաքելութիւնը առանց մեզի հետ համաձայեցնելու, չէ՞ որ այդ մեր սահմաններուն մօտ պիտի ըլլայ», ըսած էր ան:

Ալիեւ նաեւ պնդած էր, թէ այդ քայլով Եւրոմիութիւնը անվտանգութեան չի նպաստեր, փոխարէնը կասկածի տակ կը դնէ Եւրոպական Խորհբւրդի ղեկավար Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ սկսած բանակցութիւնները Հայաստանի հետ: Անոնք, ի դէպ, դադրած են անցեալ ամիս, երբ Պաքուն չեղարկեց Դեկտեմբեր 7-ին նախատեսուած հանդիպումը եւ մերժեց մէկ սեղանի շուրջ նստիլ Ֆրանսայի նախագահին հետ: Հիմա Ալիեւ կը սպառնայ նոյնը անել նաեւ Եւրոմիութեան պարագային:

Կ’ակնկալուի, որ Եւրոմիութեան դիտորդները Հայաստան ժամանեն յաջորդ ամիս, առաքելութիւնը պիտի սկսի Փետրուար 20-էն: Այս հարցը արդէն պիտի քննարկուի Միութեան դեսպաններու հանդիպման ժամանակ, իսկ վերջնական որոշումը պիտի կայացուի, ամենայն հաւանականութեամբ, յաջորդ Երկուշաբթի Պրիւքսէլի մէջ` Եւրոմիութեան երկիրներու արտաքին գործերու նախարարներու նիստին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment