Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Հռոմի Պապը Կոչ Ըրած Է Ազատ Արձակելու Բոլոր Հայ Գերիները

Հռոմի Պապը Կոչ Ըրած Է Ազատ Արձակելու Բոլոր Հայ Գերիները

by MassisPost

Հռոմի Ֆրանչիսքոս Պապը ռազմագերիներու ազատ արձակումը կարեւոր քայլ համարած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ճանապարհին: Այս մասին կը յայտնէ Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը:

Յունուար 9-ին Վատիկանի մէջ օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն հետ ամէնամեայ հանդիպման ընթացքին, որուն ներկայ էր նաեւ Հայաստանի դեսպանը, Ֆրանչիսկոս Պապը, իր ելոյթին մէջ անդրադառնալով տարբեր տարածաշրջաններուն մէջ չդադրող հակամարտութիւններուն, նշած է. «Ես յատկապէս կը մտածեմ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակին մասին: Կոչ կ’ընեմ կողմերուն հետեւելու զինադադարին եւ կը հաստատեմ, որ ռազմագերիներու եւ պահուող քաղաքացիական անձերու ազատ արձակումը կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ այդքան ցանկալի խաղաղութեան համաձայնագրի ճանապարհին»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment