Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Անցեալ 33 Տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $968 Միլիոնի Օժանդակութիւն Հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին, Ներառեալ $21 Միլիոն՝ 2022ին

Անցեալ 33 Տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $968 Միլիոնի Օժանդակութիւն Հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին, Ներառեալ $21 Միլիոն՝ 2022ին

by MassisPost

Անցեալ 33 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը $968 միլիոն ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած են Հայաստանին ու Արցախին՝ 158 թռիչքներով եւ 2,540 ծովային արկղերով։

2022-ի ընթացքին, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $21 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղորայք, բժշկական պիտոյքներ, եւ այլ մարդասիրական ապրանքներ ուղարկած է Հայաստան ու Արցախ, ներառեալ $2.8 միլիոն արժէքով օժանդակութիւն՝ 2022-ի չորրորդ եռամսեակին։ Սոյն գումարին $1.8 միլիոնը նուիրած է AmeriCares կազմակերպութիւնը, եւ մնացեալ $1 միլիոնը՝ Direct Relief կազմակերպութիւնը։

Այս վերջնագոյն ժամանակաշրջանին նուիրաբերուած մեծ քանակութեամբ դեղերը, բժշկական պիտոյքներն ու Clorox մակնիշի հականեխիչ անձեռոցիկները առաքուած են ՀԲԸՄ Քլոտիա Նազարեան Սուրիահայ Գաղթականներու Բժշկական Կեդրոնին, Արաբկիր Միացեալ Մանկական Բարեգորածական Հիմնադրամին, Հայ Օգնութեան Ֆոնտին, Քանաքեռ-Զէյթուն Բժշկական Կեդրոնին, Մեծն Ներսէս Բարեգործական Կազմակերպութեան, Մուրացան Մանկական Գեղձաբանական Կեդրոնին, Ռ. Յոլյանի անուան Արիւնաբանական Կեդրոնին, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Բժշկական Կեդրոնին, եւ Հայաստանի ու Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութիւններուն։

«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՚առաջարկուի, բոլորովին անվճար կերպով, միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեան եւ շարունակեց՝ «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն։ Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ՝ [email protected]։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment