Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողանի Խօսնակը Յայտնած Է, Որ Իրանի «Հայամէտ Յայտարարութիւնները» Կ’անհանգստացնեն Անգարան Ու Պաքուն

Էրտողանի Խօսնակը Յայտնած Է, Որ Իրանի «Հայամէտ Յայտարարութիւնները» Կ’անհանգստացնեն Անգարան Ու Պաքուն

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ, գլխաւոր խորհրդական Իպրահիմ Քալըն թրքական «NTV» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, խօսած է նաեւ Իրանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններէն:

Ան նշած է, որ Իրանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները մտահոգիչ են: Քալըն յայտնած է, որ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի այցը Թուրքիա յետաձգուած է, այցին ժամկէտը տակաւին որոշուած չէ, սակայն այդ կրնայ տեղի ունենալ յառաջիկայ շաբաթներուն:

«Ժամանակ առ ժամանակ Իրանի որոշ հայամէտ յայտարարութիւններ կ’անհանգստացնեն մեզ, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական կողմը», յայտնած է Քալըն:

Թուրք պաշտօնեան նշած է, որ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան համար Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Իրանը, Հայաստանը եւ Վրաստանը «պէտք է գործեն միմեանց հետ ներդաշնակ եւ բաց ու պարզ ըլլան միմեանց համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment